
23 եւ 24 Մարտի առաւօտեան, Ատրպէյճանցիները իրենց մարտական դիրքերէն զանազան տեսակի զէնքերով թիրախ դարձուցին եւ կրակ բացին Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն համայնքի խաղողի այգիներուն մէջ երկրագործական աշխատանքներ կատարող խումբ մը բնակիչներու ուղղութեամբ։ Այս մասին յայտնեց Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը: Տուժողներ չկան:
«Ազատութիւնը»ը ճշդեց, թէ ո՛ւր կը գտնուէին գիւղացիները, Մաճկալաշէնի հարեւանութեամբ գտնուող Սօս համայնքի վարչական տարածքին մէջ է: Սօսի գիւղապետ Յունան Գրիգորեան ըսաւ, որ գիւղատնտեսական աշխատանքները դադրած են՝ աւելցնելով, որ ատրպէյճանցիները չեն զսպուիր նոյնիսկ խաղաղապահներուն ներկայութեան:
«Խաղողի այգիներում աշխատելուց ռուս խաղաղապահները կանգնած էին, առանց իրանց չէր, սկսեցին կրակել: Մենակ ինքնաձիգերից չեն կրակել, գնդացիրներից` խոշոր տրամաչափի», ըսաւ Գրիգորեան, ըստ որուն, վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին ատրպէյճանցիները գրեթէ ամէն օր կը կրակեն գիւղացիներուն ուղղութեամբ:
«Այգիների վրայ են կրակում, տենց մօտ տարածքների վրայ, էնքան որ չաշխատեն էլի, դէ օդ են կրակում, յետոյ եթէ տեսնում են աշխատանքները շարունակւում են, յստակօրէն այգիների ուղղութեամբ են կրակում», աւելցուց Գրիգորեան:
Ստեփանակերտէն նաեւ արձագանգեցին Ատրպէյճանի տարածած սուտ լուրերուն՝ ըսելով. «Օգտագործելով զէնք-զինամթերք տեղափոխելու կեղծ թէզը` ադրբեջանական կողմը փորձում է մոլորեցնել միջազգային հանրութեանը եւ կեղծ տեղեկատուական հող նախապատրաստել Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ հետագայ սադրանքների համար»։
Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն յայտնեցին, որ անհիմն են Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այն յայտարարութիւնները, թէ Ղարաբաղի մէջ հայկական ուժերը «ապօրինի գործունէութիւն կը կատարեն»։
24 Մարտին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ իրենց կողմէ Արցախի մէջ արձանագրուած է Ստեփանակերտ-Ղայբալիշէն-Լիսագոր նոր ճանապարհի շինարարութեան փաստը` ճարտարապետական եւ յատուկ սարքերու ներգրաւումով: Ատրպէյճանական կողմը այս փաստը օգտագործեց այն պարունակին մէջ, որ իբր թէ հայկական կողմը նպատակ ունի օգտագործել նշուած ճանապարհը զէնք-զինամթերք տեղափոխելու նպատակով:
Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց, որ Արցախի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են եւ փաստացի ապացոյցներ ներկայացուցած այն գծով, որ նշուած ճամբան կ՛օգտագործուի միայն քաղաքացիներու տեղաշարժի եւ մարդասիրական բեռներու փոխադրութեան նպատակով:
«Այդ ճանապարհի քաղաքացիական նշանակութեան փաստն անառարկելիօրէն ապացուցուել է նաեւ Մարտի 5ի ադրբեջանական դիւերսիոն (ներթափանցման) յարձակման հետեւանքով, երբ ադրբեջանական ահաբեկչական խումբը, իբր թէ զէնքի տեղափոխում կանխելու նպատակով, յարձակուել եւ սպաննել է Ստեփանակերտից Շուշիի շրջանի համայնքներ մեկնող եւ քաղաքացիական ծառայութիւն իրականացնող ոստիկաններին: Աւելին` Ստեփանակերտ-Ղայբալիշէն- Լիսագոր լեռնային եւ բարդ ռելիեֆ (մակերեւոյթ) ունեցող ճանապարհը կապում է Շուշիի շրջանի մի շարք համայնքներ (Լիսագոր, Եղցահող, Հին շէն ու Մեծ շէն) Արցախի մայրաքաղաքի ու միւս բնակավայրերի հետ: Այն Շուշիի արգելափակուած մայրուղին շրջանցող միակ միջհամայնքային ուղին է, որտեղ անհրաժեշտ է իրականացնել ճանապարհաշինական աշխատանքներ` համեմատաբար անվտանգ ու մատչելի երթեւեկութիւն ապահովելու նպատակով», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։