
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ մինչ Արցախի պաշարումը կը շարունակուի եւ Ալիեւի վարչակարգը կը շարունակէ իր յարձակումները հայկական թիրախներու վրայ, հանրապետական եւ դեմոկրատ 69 քոնկրեսականներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ներկայացուցած Հայաստանին եւ Արցախին 150 միլիոն տոլարի աջակցութիւն յատկացնելու առաջարկին։
Առաջարկը ներկայացուած էր 2024ի ամերիկեան արտաքին օժանդակութիւններու ծրարը պատրաստող մարմիններուն։ Անոր մէջ նաեւ կը պահանջուի կասեցնել Ատրպէյճանի տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը աւելի կանուխ սահմանած էր 2024ի ամերիկեան արտաքին օժանդակութիւններուն գծով իր առաջնահերթութիւնները՝ շեշտը դնելով Արցախի փրկութիւնը ապահովելու եւ Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն վրայ։
Նշեալ առաջարկին զօրակցելու դիմումով իր պաշտօնակիցներուն յղուած նամակին մէջ, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ատենապետ Ֆրենք Փալոն կը շեշտէ հետեւեալ պայմանները.
– 100 միլիոն տոլարի ապահովական, տնտեսական, կառավարման եւ օրէնքի պարտադրութեան նպատակով աջակցութիւն Հայաստանին.
– 50 միլիոն տոլարի մարդասիրական եւ վերաշինութեան նպատակին համար աջակցութիւն Արցախին եւ յաւելեալ 2 միլիոն տոլար՝ Արցախի ականազերծման ջանքերուն համար.
– Ատրպէյճանի ռազմական աջակցութիւններու սառեցում եւ անոր դէմ պատժական միջոցներու դիմելու կարելիութիւններու քննարկում.
– Զօրակցութիւն հայ պատերազմի գերիներու ազատ արձակումը ապահուելու ջանքերուն։