ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ «ԻՆՔՍ՝ ԻՆՁ ՀԵՏ» ՅՈՒՇԱՎԷՊԻՆ ԱՌԹԻՒ

ԳՐԻԳՈՐ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Քիչերն են, որ կը կտրեն ինիսունը: Եւ այդ քիչերուն ալ բախտաւոր մէկ փոքր տոկոսն է, որ հոն կը հասնի անխաթար գիտակցութեամբ եւ հաստատուն յիշողութեամբ: Եւ տակաւին, այդ բախտաւորներուն մէկ չնչին մասնիկն է, որ օժտուած է ստեղծագործ խառնուածքով եւ մտաւորական պատրաստութեամբ: Հետեւաբար, հայ գիրի 1600 տարուայ պատմութեան ընթացքին, հաւանաբար մէկ ձեռքի մատներուն վրայ կարելի է համրել այն գիրքերը որոնք գրուած են ինիսունը անց հեղինակներու կողմէ: «Ինքս՝ Ինձ Հետ»ը (Լոս Անճելըս, 2019) այդ հազուագիւտ երեւոյթներէն է:
«Երբ, իննիսուն տարեկանիդ, (…) ելեր հարց կու տաս ինքզինքիդ, թէ ո՞վ ես դուն, ըսել է, բարեկա՛մս, ինքնութեան լուրջ հարց ունիս տակաւին»: Այս տողերով կը սկսի Սարգիս Վահագն, երբ կը նստի ինքն իր հետ, «հիմա որ բաւարար ազատ ժամանակ ունիմ մտորելու»:
Սակայն մօտ դար մը պարփակող գիրքին 154 էջերուն հոսքին հետ շատ արագ կ՛անդրադառնանք, որ հեղինակը ինքնութեան ո՛չ մէկ տագնապ ունի: Ընդհակառակը, ան շատ յստակ գիտակցութիւնը ունի իր անձին ու տեղին: Ինքնավստահ, հաւասարակշռուած եւ արդարամիտ, Վահագն կեանքի յարուցած խոչընդոտները յաղթահարած մարդու արդար գոհունակութեամբ իր կեանքը վերաքաղ կ՛ընէ:
Իր սերնդակից արեւմտահայերու մեծամասնութեան նման, ինքն ալ աշխարհ կու գայ «ակնյայտ չքաւորութեան» մէջ: Իր բառերով՝ «Մեծ Եղեռնի փոթորիկներէն քշուած ու մազապուրծ փրկուած երկու որբեր՝ հաճընցի Գաբրիէլը եւ շապին գարահիսարցի Ազնիւը, հազիւ չափահասութեան սեմին հասած (…) չես գիտեր ճակատագրի ո՞ր մէկ խաղով, կը հանդիպին իրարու եւ կը սիրահարին»:
Հայրը հնակարկատ, քանի մը անգամ ընտանիքը տարբեր տեղեր կը փոխադրէ աւելի բարեկեցիկ պայմաններ ստեղծելու համար: Հեղինակը ուշքի կու գայ շատ կանուխ եւ, օժտուած ըլլալով բացառիկ յիշողութեամբ, կը զարմացնէ նախ ծնողքը եւ ապա ընթերցողը: Ան շատ ջինջ եւ վառ յուշեր ունի իր մանկութենէն, որոնք կ՛երթան մինչեւ երկու տարեկան հասակը: Այսինքն, այս գիրքը կ՛ընդգրկէ 90 տարիներու յուշագրութիւն: Հեղինակը վերջին վկան է արեւմտահայոց յետ-եղեռնեան առաջին տասնամեակներու պատմութեան:
Համեստ, շատ համեստ պայմաններու մէջ հասակ կը նետէ: Դամասկոս, վեց տարեկանին, չար դասընկերոջ մը ոտքին հասցուցած անիմաստ հարուածներէն գրեթէ սրունքը կը կորսնցնէ: Բժիշկները ձեռքերնին կը լուան եւ միայն քիւրտ սափրիչի մը հինաւուրց դարմանումովն է, որ սրունքը կը փրկուի:
Իր մանկութեան յուշերը կը վերակենդանացնեն կորսուած աշխարհ մը, ուր զարնուած խլեակը արեւմտահայութեան քարշ կու տար իր թշուառ առօրեան, իր զաւակներուն աւելի լաւ ապագայի մը յոյսով:
Ուշիմ պատանին, յաղթահարելով խոչընդոտները, կը յաջողի Ֆրանսական «լիս»է մտնել: Սակայն հոն իր դէմ կը գտնէ հայերու հատուածական եւ դասակարգային խտրականութեան տգեղ երեւոյթը: Հակառակորդ հոսանքի եւ հարուստ դասու հայ դասախօսները եւ աշակերտները կը ցցուին իր եւ մէկ բախտակից դասընկերոջ դէմ: Անոնք չեն հանդուրժեր այդ «աղտոտ նահարցիները» իրենց լիսէէն ներս:
Սակայն իր ուսման բուռն փափաքը կը բախի իրականութեան հետ: Հայրը նիւթապէս չի կրնար տոկալ զինք համալսարանաւարտութեան հասցնելու: Սակայն աւելի մեծ հարուածը կը հասնի երբ հայրը քառասուն երկու տարեկանին կը մահանայ, եւ ինք տասնութ տարեկանին կը դառնայ ընտանիքին ապրուստի յենարանը:
Կը ստիպուի ուսման ծրագիրէն ետ քաշուիլ եւ ստանձնել հօր կօշիկի գործը: Այդ գործը յաջողութեամբ գլուխ կը հանէ, բայց ինք ատկէ աւելի յաւակնութիւններ ունի: Գրական աշխարհ մուտք կը գործէ եւ իր մտաւորական զարգացումը կը շարունակէ ազատ ժամերուն: Գրողներու շրջանակ կը մտնէ եւ գրողներու կը հանդիպի: Կը սկսի պատմուածքներ հրատարակել: Կ՛անդրադառնայ թէ գրողներուն մէջ ալ կան նախանձ, գձուձ եւ փոքրոգի մարդիկ: Ապա կը հանդիպի իր կեանքի ընկերոջ՝ Հայկուհիին, եւ այս կ՛ըլլայ իր կեանքի ամէնէն բախտորոշ դէպքը: Հաշուապահութիւն կ՛ուսանի եւ կօշիկի գործէն դուրս կ՛ելլէ: Կ՛ամուսնանայ, երեք զաւակներ կ՛ունենայ, կը շարունակէ գրել: Գրական գործունէութիւնը կը գնահատուի ե՛ւ Սփիւռքի ե՛ւ Հայաստանի մէջ: Գրական մրցանակներու կ՛արժանանայ եւ տասնեակ մը հատորներ կը հրատարակէ:
Այս գիրքը պատմութիւնն է անհուն սիրոյ: Սարգիս Վահագնի կեանքին թէ՛ առանցքը եւ թէ՛ ալ կռուանը իր կեանքի ընկերուհին է, իր կեանքին մեծ սէրը՝ Հայկուհին: Եօթանասուն տարիներու թաւալը չեն մաշեցուցած այդ խորունկ խանդաղատանքը, այդ զուլալ գուրգուրանքը, այդ անսահման գորովը որ հեղինակը կը տածէ իր կնոջ հանդէպ:
Իր առաջին հանդիպումին իսկ, հեղինակին սիրտը սիրոյ նիզակէն կը զարնուի եւ քանի մը տրոփ կը փախցնէ: Շատ չ՛անցնիր անդրադառնալու, թէ այս ոչ թէ միայն սրտի հրայրք է, այլեւ մտքի: Համալսարանաւարտ աղջիկը գիտական իր մասնագիտութեան կողքին գրականութեան հանդէպ լայն հետաքրքրութիւն ունի: Եւ այդ հետաքրքրութիւնը ճամբայ կը բանայ անոնց մօտեցումին եւ մտերմութեան, ուրկէ ալ կը ծաղկի անոնց սէրը:
Եթէ Հայկուհիին սրտին ճամբան իր գրականութեամբ կը սկսի բացուիլ, Հայկուհիին սէրն ու քաջալերանքն ալ զարկ կու տան եւ կ՛ուռճացնեն Վահագնի ստեղծագործական կեանքը: Այս զիրար խթանող ու ամբողջացնող շրջանակը կը շարունակէ բանիլ մինչեւ այսօր:
Երբ Սարգիս Վահագն ինքն իր հետ առանձին նստած կը խոկայ, երեք նուաճումներ ունի որոնցմով անհունօրէն գոհ է եւ արդարօրէն հպարտ:
Առաջինը՝ իր գրողի հանգամանքն է: Իր մանկութեան, կեանքին իրեն ընծայած նեղ կարելիութիւններէն չբաւարարուած, պատանի եւ ապա երիտասարդ Սարգիս Փաթափութեանը հրեց իր շուրջ գծուած սահմանները եւ քանդեց իր դէմ ելած խոչընդոտները: Իր գրականութեան մէջ եղաւ անկեղծ եւ անզիջող: Բարոյական բարձր նշաձող մը ընտրեց եւ հաւատարիմ մնաց ինքն իրեն եւ իր գրականութեան: Փաթափութեան մարդը եւ Վահագն գրողը նոյնացան: Կարելի չէ մէկուն մասին խօսիլ առանց միւսին: Եւ Վահագնի գործը իր արժանի տեղը ունի սփիւռքահայ գրականութեան մէջ:
Երկրորդը՝ Հայկուհին է, իր կեանքի ընկերն ու մեծ սէրը: Ամէնուն վիճակուած չէ անպարագիծ եւ փոխադարձուած սիրոյ մը անհուն գոհունակութիւնը: Եւ Հայկուհին միշտ ներկայ է եւ հեղինակի մտքին ու սրտին մէջ: Այդ սիրով զօրացած ու վերացած, Վահագն կեանքին իր դէմ հանած ամեն արգելք արժանապատւութեամբ յաղթահարած է:
Երրորդը՝ իր երեք շնորհալի զաւակներն են: Ճարտարապետ աղջիկը՝ Հուրին ու երկու գիտնական տղաքը՝ Արան եւ Արտեմը: Արտեմը, ինչպէս ամէն գիտակից հայ գիտէ, 2021ին արժանացաւ Նոպէլեան մրցանակին եւ ամբողջ ազգին հպարտութիւնն է:
Մեծ Աղէտի մնացորդացէն ծնունդ առած, կեանքի իրեն սահմանած շրջանակը իր երկաթեայ կամքով ու անխոնջ աշխատանքով կոտրած, եւ ինքն իրեն համար հաստատած բոլոր գագաթները նուաճած մարդու մը պատմութիւն է այս: Պարկեշտ, արդար եւ ստեղծագործ կեանքի մը ինիսունամեայ պատմութիւնը, ուր հեղինակը պահ մը կանգ կ՛առնէ, ետ կը նայի, հաշիւի կը նստի ինքն իրեն հետ եւ ինքնագոհ եւ խիղճը հանգիստ, գրիչը վար կը դնէ պահ մը: Ընթերցողը կը յուսայ, որ այդ ըլլայ միայն պահ մը, որովհետեւ Սարգիս Վահագնի ապրած կեանքի փորձառութեան եւ պայծառ մտքին մէջ տակաւին շատ մը շահեկան յուշեր կան որոնք պէտք չէ մոռցուին: