ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Գուցէ ոմանց տարօրինակ թուի, երբ քառասուն տարուան անջրպետով հայատրոփ ու սիրելի գաղութ մը, զաւակ ու թոռնիկ ինչպէս նաեւ գրող ընկերներդ, հարազատ եղբայրդ ու սիրելիներդ, եկեղեցիդ, աշխոյժ համայնքդ խոր զգացումներով ետիդ թողնելով, յանկարծ դստերդ մօտ՝ հեռաւոր Վըրճինիայի Ռիչմոնտ քաղաքը կը տեղափոխուիս:
Ու կարծես սրտի ցաւդ ու մորմոքը բաւարար չըլլար, կ՛ելլես ու շնիկիդ սխրագործութիւններով կը սկսիս թուղթին յանձնել մարդուս սիրտը լլկող, մարդուս սիրտը բզքտող ճամբորդութեանդ ոդիսականը: Քանի մը առիթներով շնիկիդ մասին մանկական պատմուածք գրած ըլլալու պարագադ բնաւ չարդարացներ առած քայլդ, «նորին վսեմութիւն»ը ունենալով որպէս աննկուն հերոս: Արդ, սոյն պատումը յառաջ տանելու փորձիս մէջ չմոռնամ նշելու, թէ յանցանքը ամբողջութեամբ չիուաուա տոհմին պատկանող մեր հերոսիկին վերագրելը արդար պիտի չըլլար: Արդարեւ, իր աճապարանքին ու ծանրաբեռնուածութեան մէջ, մեր Ճուտիկը (կողակիցս) մոռացութեան տուած էր շնիկին պատսպարանը իր հետը վերցնել: Ու երբ մեր ուսերէն ծանր բեռ մը թօթափած ըլլալու պատրանքը թօթափած ըլլալու ինքնագոհ բաւարարութեամբ, Պըրպենքի օդակայանը հասանք ու մեր պաշտօնական թուղթերը «Ամերիքըն Էր Լայնզ»ի պաշտօնեային ներկայացուցինք, այն զգացումը կը սնուցանէինք, թէ ամէն ինչ կարգին կ՛ընթանար: Սակայն հոն ալ սխալեր էինք (հայուն խնդալ չի գար…)… Ամերիկուհին մեր շնիկը մատնանշելով պահանջեց, որ իր պատսպարանի մէջ սաւառնակ հանէինք զայն: Տիկինս յայտնապէս շուարած․
– Ափսո՛ս, տունը մոռցեր ենք պատսպարանը…- պատասխանեց, ինքնարդառանալու փուճ շեշտով, – սակայն գիրկերնիս կ՛առնենք խեղճ կենդանին:
– «Այըմ սորի» (կը ներէք), ձեր հետ օդանաւ չէք կրնար հանել շնիկը…
Ու անպատկառ շարժումով մը թուղթերը մեր առջեւ նետեց «անկլօ ամազոն»ը…
– Ինչպէ՜ս թէ…
– Օրէնք է… Ձեռքէս ոչինչ կու գայ…
Պահին ծանրութեան տակ պահ մը կքելէ եւ մտմտալէ ետք, յանկարծակի փայլատակեց մեր ճուտիկին միտքը: Ու ինծի դառնալով․
– Կեցիր ալ, երթամ փնտռեմ եթէ պատսպարան ծախող խանութ մը կը գտնեմ…
Պայուսակներն ու շնիկը իմ հսկողութեանս յանձնելով թեւեր առած, աճապարեց ան օդակայանի շուկան տակն ու վրայ ընելու: Մօտ կէս ժամ ետք յաղթական վերադարձաւ, ուսէն կախուած կենդանիներու յատուկ պայուսակով: Շնիկը մէջը տեղաւորելով աճապարեցինք դէպի մեր առնելիք օդանաւի մուտքը: Մեր չար բախտէն, դէպի սաւառնակ տանող դուռը նոր կը փակուէր: Ու օդանաւը սկսած էր դանդաղ շարժիլ: Մեր դիմացը կանգնած օդային հիւրընկալուհիները սկսան իրենց «սէքսի» ուսերը շարժել:
– Հէյ վախ օդանաւը փախցուցինք…
Շնիկը կարծէք զգաց մեր գլխուն բերած աղէտին ահաւորութիւնը: Փոխարէնը պոչիկը սկսաւ շարժել կարծես ըսելու համար․
– Ես ձեզի չըսի մը, որ վազ անցէք սա տեղափոխութեան «սեվտա»էն… Մօրուք չունիմ, որ խօսքս մտիք ընէք…
Ձեռքի պայուսակները շալակած դէպի երթի դարպասը ուղղուեցանք, ուրկէ թաքսի մը նստելով ետ Մոնթրոզի մեր բնակարանը վերադարձանք, փշրուած հոգեվիճակով:
Յաջորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 14ին դարձեալ մեր անդրանիկ մանչը, Հրաչը, ճիշդ որոշուած ճամբուն եկաւ մեզ վերցնելու:
Վերջապէս հանգիստ սաւառնակ պիտի բարձրանայինք ու վեց-եօթը ժամէն մեր անուշիկ դստեր պիտի միանայինք: Բնաւ մեր մտքէն չէինք կրնար անցընել գալիք պատուհասը: Իսկապէս ալ սպասուածէն աւելի սահուն ընթացաւ սաւառնակ մեր բարձրանալը: Մօտ երեք ժամէն Տալաս էջք կատարեցինք: Ճաշելու սիրտ չունէինք: Թերեւս յուզումը մեզ կլանած էր:
Քիչ մը նստեցանք, ես ընթերցանութեամբ տարուած, կողակիցս՝ ձեռքի բջիջայինով: Քիչ ետք գիւտ մը ըրածի նման գաղափարը յղացաւ ան, շնիկը քալեցնելու:
– Մեղք է, «հայվան»ը (անասուն) դեռեւս բնական պէտքեր ունի կատարելիք, փիլիսոփայեց ան:
Իրաւունք ունէր:
– Գնա՝ բայց շատ մի տնտնար…
Բան մը չպատահածի նման շարունակեցի ընթերցումս: Շնիկը ուրախութենէն պոչը շարժելով հետեւեցաւ մայր դիցուհիին: Քառորդ ժամ հազիւ անց, հեռաձայն եկաւ Սեդիկէն: Սարսռալի հնչողութիւն մը կար կնոջս ձայնին մէջ:
– Շուտ հասիր, երեսի վրայ ինկայ:
– Ինկա՜ր մը:
– Հա ամերիկուհիի մը շուները վրաս յարձակեցան…
– Մէկ տեղդ վիրաւորուեցա՞ւ։
– Ճակատս գետին կպաւ… Կեցիր հիմա շտապ օգնութեան մարդիկը հասան…
– Տեղէդ մի՝ շարժիր, կու գամ կոր…
Ձեռքի պայուսակները շալակած շտապեցի դէպի դէպքին վայրը: Արդէն հրշէջ ջոկատը հասած էր: Տեղւոյն վրայ տեսակ-տեսակ քննութիւն կը կատարէին: Փառք Տիրոջ, որ Սեդային դէմքը չէր արիւնած: Սակայն ճակատը սոսկալի կերպով կարմրած էր: Ձախ աչքը նոյնպէս: Դարձեալ մեր շնիկն էր կռիւը հրահրողը:
Գէշ սովորութիւն մը ունի ան, իր տասը հասակով շուներու վրայ սոսկալի հաջոցով յարձակելու: Առածը զուր տեղ չէ ըսած՝ ««պելա»ն (փորձանք) փնտռողը կը գտնէ…»
Վերջապէս սաւառնակ բարձրացանք, մեր շնիկը, կարծես բան չէ պատահած, իր ուրախ տարերքին մէջ էր: Երթալով աւելի սաստկացաւ կողակիցիս դէմքին կարմրութիւնն, ցաւն ու կապտութիւնը: Տակաւին մերոնք գաղափար չունէին պատահարէն: Պէտք էր մեզ դիմաւորելու եկած մեր սիրելիները տեղեակ պահէինք շնիկին մեր գլխուն բերած պելայէն: Ինչ որ կատարեցինք: Կոյր չէին, պիտի նշմարէին մեր անուշիկին ճակտին ուռեցքը ու մինչեւ աչքերը տարածուող կապոյտ հետքերը:
Ու մեր դստեր Հուրիկին կարօտակէզ արցունքի կաթիլները ջրվէժի նման սկսան հոսիլ…