ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ինչպէս ծանօթ է, 11-14 Յուլիս 2007ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի նախաձեռնութեամբ հաշտութիւն մը գոյացաւ Ղպտի ու Հապէշ եկեղեցիներուն միջեւ, որու իրագործման համար վեհափառ հայրապետը նախ այցելեց Եթովպիա եւ ապա Եգիպտոս:
Արդարեւ, յիշեալ հաշտութիւնը երկու եկեղեցիներուն միջեւ ոչ միայն մեծ խանդավառութիւն յառաջացուց, անոնց նուիրապետութեան ու ժողովուրդին մօտ, ինչպէս նաեւ պետական շրջանակներէն ներս, այլ նաեւ յատուկ արձագանգ գտաւ եկեղեցական ու միջ-եկեղեցական շրջանակներէն ներս: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհ. քարտուղար դոկտ. Սէմ Քոպիա, Շնուտա Գ. պատրիրաքին, Արամ Ա. կաթողիկոսին ու Փաուլոս պատրիարքին ուղղած իր նամակին մէջ, «պատմական մեծ իրագործում» կը նկատէ կատարուածը, եւ իր յատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ վեհափառ հայրապետին, իր «յարատեւ ճիգերուն» համար: Նոյնպէս Փաուլոս պատրիարք իր սինոտին անունով կ’ողջունէ վեհափառ հայրապետին «քաջարի դերը», յիշեալ մեծ իրագործումին մէջ:
Վեհափառ հայրապետը նաեւ նմանօրինակ նամակներ ու հեռաձայններ ստացաւ զանազան շրջաններէն ու եկեղեցիներէն: Յայտնենք, որ օտար մամուլը եւս լայնօրէն արձագանգեց երկու եկեղեցիներու միջեւ յառաջացած հաշտութեան: