Հետեւելով Ապրիլէն մինչեւ Մայիս երկարող Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւին՝ դժուար չէ նկատել, որ քաղաքական մրցապայքարի դաշտ նետուած բոլոր քաղաքական ուժերու քարոզչութեան մէջ մեծ բացականեր էին Արցախի հարցն ու արտաքին քաղաքականութիւնը։ Քարոզչական խօսքը աւելի շատ կեդրոնացած էր Հայաստանի ընկերային ու տնտեսական խնդիրներու վրայ, որոնց նկատմամբ, օտար դէտերու իսկ վկայութեամբ, մրցապայքարի դուրս եկած քաղաքական ուժերու փլաթֆորմները իրարու բաւական նման էին, երբ բոլորն ալ կը խօսէին օրէնքի գերակայութեան, արդարութեան, բարեկեցութեան, հովանաւորչութեան վերացման, թոշակներու եւ աշխատավարձերու բարձրացման մասին։
Մրցապայքարէն կանուխ դուրս եկած ՀՀՇն միակ ուժն էր, որ կը փորձէր ընտրապայքարի նիւթ դարձնել Արցախի խնդիրը։ Արցախի խնդրով ՀՀՇի ծանօթ կեցուածքը ի մտի ունենալով, աւելի պարզ կը դառնար, որ տուեալ հարցի արծարծումը վերոնշեալ կուսակցութեան կողմէ պարզապէս քաղաքական շահարկման ճիգ էր, երբ «Պատերազմ կամ խաղաղութիւն» ապազգային մօտեցումի հետեւանքով իշխանութենէն հեռացած այս քաղաքական ուժը Արցախին տիրութիւն ընելու դասեր կու տար նոյն հարցին վերաբերեալ համեմատաբար աւելի կարծր ու ազգային դիրքորոշում ունեցող կուսակցութիւններուն։ ՀՀՇի այս մօտեցումին հակառակ մօտեցումը եւս քաղաքական պահուն եւ ամբոխային տրամաբանութեան տուրք տալ էր։ Քաղաքական ուժերը տեսած էին, որ ընկերային ու տնտեսական օրախնդիր հարցերը աւելի մեծ հնչեղութիւն ունին հայրենի ընտրողին մօտ եւ իրենց քարոզարշաւը կառուցած էին այդ հաշուարկին վրայ, զգալի չափով ձեռնպահ մնացած էին այնպիսի հարցեր արծարծելէ, որոնք հասարակութեան մօտ շատ մեծ հետաքրքրութիւն չեն շարժեր։ Ընտրական այս մարտավարութիւնը աւելի կ՚արմատաւորէր այն փաստը, որ Հայաստանի պետական կառոյցը ճշդած է վերջին տարիներուն, եւ որուն համաձայն Արցախի խնդիրը եւ արտաքին քաղաքականութիւնը ընդհանրապէս ՀՀ նախագահին մենաշնորհն է, իսկ այդ փաստի ամրագրումը լուսանցքային տեղ կու տայ ՀՀ կառավարութեան եւ խորհրդարանին, որոնց լիազօրութիւնները կը սահմանափակուին ներքին ընկերային եւ տնտեսական քաղաքականութեան խնդիրներով։
Հակառակ այս բոլորին, Արցախի հարցով ու Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղութեամբ շահագրգռուած միջազգային ուժերը անտարբեր չեն եղած խորհրդարանական ընտրութիւններուն նկատմամբ, որուն ամենավառ ապացոյցն է խորհրդարան մտած քաղաքական ուժերուն պատկերը եւ միջազգային դէտերուն հրապարակած գնահատականները։ Այլեւս գաղտնիք չէ, որ միջազգային դէտերուն գնահատականները քաղաքական մեկնակէտէ կը բխին, իսկ խորհրդարան մտած Հանրապետական, «Օրինաց երկիր» եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւններու քաղաքական արեւելումները, աւելի կամ նուազ չափով, կը բաւարարեն Մինսքի խումբի համանախագահ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու սպասելիքները։
Հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Շաւարշ Քոչարեան այն կարծիքը կը յայտնէր, թէ նախագահական ընտրութիւններու կապակցութեամբ ընդդիմութիւնը պէտք է նկատի ունենայ, թէ Հայաստանի քաղաքական ուղղութիւնը արդէն վճռուած է խորհրդարանական ընտրութիւններու ներկայ արդիւնքով։ Սակայն, քաղաքական գործիչը կը մոռնար Հայաստանի պետական համակարգին մէջ արտաքին քաղաքականութեան եւ Արցախի հարցին գծով երկրի նախագահին ունեցած լիազօրութիւնները։ Պատահական չէ, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջակէտը պարզապէս սկզբնակէտ դարձաւ նախագահական ընտրութիւններուն, իսկ այստեղ տարբեր շահերու համատեղումը հեշտ չէ, որովհետեւ մէկուն յաղթանակը միանշանակօրէն միւսին պարտութիւնն է։ Այս անգամ նախագահական աթոռին յաւակնող ուժերը չեն կրնար կարեւոր հարցերու շուրջ իրենց տեսակէտները արտայայտելէ խուսափիլ։
Խորհրդարանի ներկայ պատկերին ի տես, այժմէն սկսած նախագահական մցապայքարի ելքը մտահոգիչ է։ Որովհետեւ ներկայ մեծամասնութեան թեկնածուի ընտրութիւնը թէ՛ ամբողջատիրական կարգեր հաստատուելու վտանգ կը պարունակէ, թէ ալ հակառակ ճամբարէն եկած դէտերու բացասական գնահատականին կրնայ արժանանալ։ Միւս կողմէ, այլ ուժի մը թեկնածուի ընտրութիւնը Հայաստանը կրնայ ներքաշել նախագահ-խորհրդարան եւ կառավարութիւն հակադրութիւններու անկանխատեսելի յորձանուտի մը մէջ։