Ատրպէյճանցի դիւանագէտ Մուրատ Նաճաֆպէյլի նշանակուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման յանձնաժողովի քարտուղարութեան ղեկավար: Անոր նշանակման հրամանագիրը ստորագրեց Ատրպէճանի վարչապետը:
Նաճաֆպէյլի Էսթոնիոյ եւ Զուիցերիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպանն է:
Երեւան եւ Պաքու սահմանազատման յանձնաժողովները կազմեցին Մայիս 2022ին. մինչեւ հիմա անոնք երեք հանդիպումներ ունեցած են՝ առանց էական յառաջընթացի։