Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանէն պահանջեց յստակօրէն յայտարարել, որ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է»։ Յիշեցնելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութիւնը, Ատրպէյճանի նախագահը պնդեց, որ այժմ ժամանակն է, որ Հայաստանի ղեկավարը իր յայտարարութիւնը խմբագրէ:
«Հայաստանը, որ կ՛ըսէր` «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ», այսօր պէտք է կրկնէ մեր ըսածը` «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է», որովհետեւ եթէ «ա»ն ըսած է, «բ»ն ալ պէտք է ըսէ», պնդեց ան:
Ալիեւ այս մասին խօսեցաւ այսօր`դարձեալ սպառնալիքներ, վիրաւորական խօսքեր հնչեցնելով հայերու հասցէին:
Ատրպէյճանական պետական պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի հետ խաղաղութիւն կնքելու անհրաժեշտութեան եւ այդ մասին խօսելու ընթացքին շեշտեց, որ Պաքու կը հզօրացնէ բանակը, որպէսզի պատրաստ ըլլայ որեւէ իրավիճակի:
«Ճիշդ է, մենք ջախջախեցինք թշնամիին գլուխը եւ մեծ յաղթանակ տարինք Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին: Սակայն, Հայաստանի մէջ դարձեալ կ՛աշխուժանան վրէժխնդրական ուժերը. մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք որեւէ իրավիճակի», ըսաւ ան:
Դարձեալ պնդելով, թէ Պաքունառաջարկած է Երեւանին հաշտութեան պայմանագիր կնքել, Ալիեւ անհրաժեշտ նկատեց նշել, որ Հայաստան պէտք է համաձայնի`ուզէ թէ չուզէ: «Վերջին երկու տարիներուն, հայկական կողմի դիրքորոշումներուն մէջ տարբեր վայրիվերումներ արձանագրուած են, տարբեր փոփոխութիւններ: Իբրեւ արդիւնք՝ մեզի կը թուի, որ Հայաստան սկզբունքօրէն համաձայն է մեր մօտեցման: Որովհետեւ այլ տարբերակ չկայ», ըսաւ Ալիեւ:
Յիշեցնելով, որ «Երեւան Փրակի մէջ պաշտօնապէս ճանչցած է» Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, Ալիեւ դարձեալ պնդեց, որ «Ղարաբաղը իրենց ներքին հարցն է»:
Մինչ Երեւանի եւ Արեւմուտքի մէջ կը խօսին հարցի կարգաւորման միջազգային գործիքակազմեր ստեղծելու մասին, Ալիեւ ըսաւ, որ այդ հարցը մտադիր չեն քննարկելու ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ որեւէ այլ երկրի հետ: Ինչ կը վերաբերի Արցախի ժողովուրդին, Ալիեւ այս անգամ նոյնիսկ համարկման գործընթացներուն չանդրադարձաւ, այլ կարճ եւ կտրուկ ձեւակերպելով` «կա՛մ պէտք է ընդունին Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն, կա՛մ այլ բնակավայր գտնեն» ըսաւ:
«Անջատողականները պէտք է գիտնան, որ երկու ընտրութիւն ունին` կա՛մ պիտի ապրին Ատրպէյճանի դրօշակին տակ, կա՛մ պիտի հեռանան», ըսաւ ան։
Նախազգուշական յայտարարութիւններուն զուգահեռ Ալիեւ հարկ նկատեց շեշտել, որ իր բանակը պատերազմէն ետք աւելի զօրացած է, եւ նոյնիսկ հիմա բանակաշինութիւնը եւ պաշտպանական ներուժի հզօրացումը կը շարունակեն մնալ առաջնահերթութիւն Ատրպէյճանի համար: Միւս գերհարցը, ըստ Ալիեւի, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու զարգացումն է, առ այդ, իրենք կը պատրաստուին Լաչին քաղաքը վերաբնակեցնելու ծրագրուած ժամանակէն աւելի կանուխ՝ արդէն յառաջիկայ ամիսներուն: Թէ ի՛նչու է այդ շտապողականութիւնը, Ալիեւ չբացատրեց, այլ միայն նշեց, որ վերջին հաշուարկներով Լաչինի մէջ յառաջիկային շահագործման պիտի յանձնուին 570 բնակելի տուներ: