Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան դարձաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր եւ մրցանշակիր:
Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ընթացող Եւրոպայի 101րդ ախոյեանութեան պայքարի մէջ մտան 89 քիլոկրամ դասակարգի ծանրորդները:
Հայաստանի հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան պոկում վարժութեան մէջ յաջորդաբար բարձրացուց 167, 173, 178 քիլոկրամ:
Վերջին մօտեցումով, Կարապետեան սահմանեց Եւրոպայի մրցանիշ (178 քիլոկրամ): Այս վարժութեան մէջ Կարապետեան դարձաւ փոքր ոսկի մետալակիր:
Հրում վարժութեան մէջ, հայ ծանրաբարձը առաջին մօտեցումով գլխավերեւը պահեց 190 քիլոկրամ, այնուհետեւ 196 քիլոկրամ, սակայն չբարձրացուց 206 քիլոկրամ: Երկամարտի 374 քիլոկրամ արդիւնքով Կարապետեան երկրորդը հանդիսացաւ Եւրոպայի մէջ: