ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Ապրիլ ամիսը հայ ժողովուրդին համար կը յատկանշուի առաջին հերթին Ցեղասպանութեան ոգեկոչումով եւ ապա իր իրաւունքներուն համար պայքարի ուխտի վերանորոգումով: Երբ կը խօսուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, անպայմանօրէն կը յիշատակուին 1915 Ապրիլ 23ի գիշերը ձերբակալուած եւ յետոյ դաժանաբար սպաննուած մեր գրողները՝ Զարդարեան, Սիամանթօ, Վարուժան, Զօհրապ, Երուխան, Մ. Կիւրճեան եւայլն:
Արամ Հայկազ, արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն նշանաւոր դէմքերէն մէկը, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերէն չէ, այլ այդ Ցեղասպանութեան վերապրողներէն: Ան կը պատկանի այն սերունդին՝ Վազգէն Շուշանեան, Մուշեղ Իշխան, Անդրանիկ Ծառուկեան եւայլն, որոնք հազիւ մանուկ կամ պատանի, ապրեցան Եղեռնի ամբողջ ողբերգութիւնը: Անոնք կորսնցուցին ծնողք, հարազատներ եւ հայրենիք, ապրեցան անապատներու անպատմելի եւ զարհուրելի տառապանքները եւ այդ բոլորը անջնջելի հետք ձգեցին անոնց հոգիներուն մէջ: Այդ ցաւը կ՛արտացոլայ անոնց գրականութեան մէջ երբեմն իբրեւ պատում, յաճախ իբրեւ բողոք մարդկութեան եւ արարչութեան անարդարութեան դէմ:
Արամ Հայկազ, աւազանի անունով Արամ Չէքէնեան, զօր. Անդրանիկի հայրենակիցը, ծնած է 1900ին Շապին Գարահիսար: 1915ին, երբ թուրքերը կը սկսին իրենց հայաջինջ ծրագիրը գործադրել, գարահիսարցիք չեն ենթարկուիր իրենց տուները լքելու եւ դէպի արաբական անապատները տեղահանուելու թրքական հրահանգներուն: Քանի մը օր քաղաքին մէջ ինքնապաշտպանական կռիւներէ ետք, կռուողներն ու ժողովուրդը կ՛ապաստանին քաղաքին մօտ գտնուող հինաւուրց բերդը եւ աւելի քան երեք շաբաթ հերոսաբար կը դիմադրեն թշնամիին: Յունիս 29ին, ռազմամթերքի պակասի պատճառով, կռուողները անվնաս դուրս կու գան բերդէն իսկ ժողովուրդի մէկ մասը կը կոտորուի եւ կը տարագրուի: Այս տարագրուողներու մէջ էր նաեւ պատանի Արամը, որ մօրը հետ կը հասնի սուրիական անապատները, ուր մօրը թախանձանքով կը միանայ քիւրտի մը, առերես կրօնափոխ ըլլալով եւ աւելի քան չորս տարի (1915-1919) կ՛ապրի Քիւրտիստանի մէջ, իբրեւ քիւրտ:
Բնականաբար այս իրադարձութիւնները ծանր պիտի ազդէին Արամ Հայկազի վրայ: Տարիներ ետք ան երկու գիրքեր գրեց, մէկը նուիրուած Շապին Գարահիսարի հերոսամարտին («Շապին Գարահիսար Եւ Իր Հերոսամարտը»), իսկ երկրորդը իր քրտական կեանքին մասին («Չորս Տարի Քիւրտիստանի Լեռներուն Մէջ»): Առաջինը փաստագրական-պատմագրական գիրք մըն է, որ կը ներկայացնէ անոր ծննդավայրին աշխարհագրութիւնը եւ պատմական անցեալը, ինչպէս նաեւ հերոսական այն կռիւները, որոնք մղեցին շապին գարահիսարցիք ցեղասպան թուրքին եւ քիւրտ հրոսակներուն դէմ: Երկրորդը՝ անոր անցուցած կեանքն է որպէս ծպտեալ քիւրտ, Քիւրտիստանի մէջ: Այս հատորը կը համարուի իր լաւագոյն երկերէն մէկը:
1919ին կը յաջողի փախուստ տալ գերութենէն եւ կը հասնի Պոլիս, ուր կը գտնէ իր հօրաքոյրը: Արամ կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան, աշակերտելով Յակոբ Օշականին: Ի վերջոյ, 1921ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ եւ վերջնականապէս կը հաստատուի Նիւ Եորք մինչեւ իր մահը՝ 1986:
Արամ Հայկազի գրական գործունէութիւնը կը սկսի Միացեալ Նահանգներ հանգրուանելէ աւելի քան տասնամեակ մը ետք: Առաջին գիրքը կը գրէ անգլերէնով՝ The Fall of the Aerie («Արծուաբոյնի Անկումը»), որ նուիրուած Շապին Գարահիսարի հերոսամարտին: Ապա յաջորդաբար լոյս կ՛ընծայէ «Ցեղին Ձայնը» (երկու հատոր), որ կը համարուի հեղինակին լաւագոյն երկը, «Կարօտ», «Պանդոկ», «Ապրէք Երեխէք», «Չորս Աշխարհ», իսկ վերջինը՝ «Երջանկութիւն» հատորները: Վերոնշեալներուն մէջ «Չորս Աշխարհ»ը լաւագոյնս կը բնորոշէ անոր գրականութեան դաշտը: Ինչպէս վերնագիրը արդէն կը մատնէ, ան կը պարունակէ պատմուածքներ նախաեղեռնեան շրջանէն, Քիւրտիստանէն, Պոլիսէն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներէն: 2009ին, Հայաստանի մէջ եօթը հատորով հրատարակուեցան գիրքերէ դուրս մնացած պատմուածքները, նամակները եւայլն՝ »Մոռացուած Էջեր« անունով:
Արամ Հայկազ կը հանդիսանայ սփիւռքահայ գրողներու առաջին սերունդի ամէնէն ճանչցուած եւ կարդացուած հեղինակներէն: Ունի հարուստ եւ պարզունակ լեզու եւ կը կարդացուի մեծ հաճոյքով: Իր պատմուածքներուն նիւթերը այլազան են եւ անմիջական: Ամէնէն աննշան դէպքը կամ պատահարը կրնայ պատմուածքի նիւթ դառնալ անոր համար: Իր ընտանիքը, դրացին, պարտէզին թռչունները կամ ծառերը, հանրախանութի մը մէջ սովորական խօսակցութիւն մը: Իրեն յատուկ սրամտութեամբ կը բացայայտէ եւ կը թափանցէ մարդոց ներաշխարհը: Բայց եւ այնպէս, միշտ ալ զգալի են Մեծ Ոճիրին ձգած անջնջելի հետքերը անոր պատմուածքներուն մէջ, նոյնիսկ եթէ անոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունին Ցեղասպանութեան հետ: Իր բոլոր գիրքերուն մէջ կը հանդիպինք Եղեռնի հետ կապուած պատմուածքներու: Հետաքրքրական եւ իւրայատուկ են՝ «Հաշտուի՞մ Աստուծոյ Հետ», «Գողը», «Լորիկը», «Կ՛անիծեմ Այն Աստուածը, Որ Գրեց Մեր Ճակատագիրը», «Տղու Հոգիներ», «Կաղանդի Իրիկուն», «Սիրելի Աստուած», «Տղաս» պատմուածքները:
Արամ Հայկազ 1971ին կ՛այցելէ Հայաստան եւ այդ այցելութեան հետ կապուած քանի մը պատմուածքներ ունի «Պանդոկ» գիրքին մէջ: Ան ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կ՛ապրի վերածաղկող հայրենիքը տեսնելով; Անոր համար հայրենիքը մնաց գրաւականը հայ ժողովուրդի յառաջիկայ յաղթանակներուն համար:
Որպէս Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած գրող, Արամ Հայկազ ամբողջ էութեամբ ատեց թուրքը: »Անէծք եւ միայն անէծք թուրքին, որ մեզ այս վիճակին մատնեց: Թուրքը՝ Արարչագործութեան մեծագոյն սխալն ու ամօթանքը: Շնչաւորներուն՝ ամէնէն վայրագն ու ստորինը«: Ուրիշ տեղ մը ան կը գրէ. «Թուրքը ստեղծելուդ համար չե՞ս ամչնար Աստուած»:
Իր գրականութեան եւ գրութիւններուն ճշգրիտ բնորոշումը կու տայ ինքը՝ Արամ Հայկազ, իր վերջին երկին՝ «Երջանկութիւն» գիրքի նախաբանին մէջ գրելով. «Մարդու բան սորվեցնելու մտահոգութիւն եւ յաւակնութիւն չեմ ունեցած, բայց Հայ ըլլալուս հպարտութիւնը միշտ ներկայ է ամէն մէկ տողիս մէջ»: