
Այսօր, մինչ կ՛ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան 108րդ ամեակը, հայերու դէմ ցեղասպանական այլ արշաւ մը ընթացքի մէջ է՝ ջանքերովը Ատրպէյճանի, որ 132 օրերէ ի վեր պաշարուած կը պահէ Արցախը։
Պաքուէն եւ յատկապէս ատրպէյճանցի ղեկավար Իլհամ Ալիեւէն հայութեան հասցէագրուած յաւելեալ յարձակումներու սպառնալիքները եւ շարունակական վերջնագիրները ստացած են առօրեայ բնոյթ՝ ցոյց տալով, թէ Արցախի հայութիւնը բնաջնջելու ծրագրուած արշաւ մըն է տեղի ունեցածը։ Այս սպառնալիքները եւ Հայաստանի Գեղարքունիք, Սիւնիք եւ Արագածոտն մարզերէն ներս թափանցելու Ատրպէյճանի քայլերը ցոյց կու տան, որ Պաքու Արցախը կլանելու նպատակով, 2020ին սկսած պատերազմէն ետք, ախորժակներ ունի հողեր խլելու նաեւ Հայաստանէն։
Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Հայաստանի եւ տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն՝ ջանալով իրականացնել դժուարահաս խաղաղութեան համաձայնութիւն մը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, նոյն ատեն փորձելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել։ Սակայն, անոնք կ՛անտեսեն հայութեան իրաւունքներուն ոտնակոխումները Ատրպէյճանի կողմէ, որ իր կարգին շարունակաբար կը քաջալերուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ։
Միւս կողմէ, Ռուսիա տարուած է Ուքրանիոյ պատերազմով եւ շրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը պահպանելու պայքարով՝ դէմ դնելով Արեւմուտքին։
Հայութեան դիմագրաւած ճգնաժամին նկատմամբ անտարբերութիւնը կը յիշեցնէ այն անտարբերութիւնը, որ դար մը առաջ արձանագրուեցաւ, երբ Երիտասարդ թուրքերու իշխանութիւնը կը ծրագրէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Այդ օրերուն, միջազգային մամուլը գոնէ երբեմն կ՛անդրադառնար օսմանեան թուրքերուն կողմէ իրականացուող հայերու ջարդերուն, սակայն, այս օրերուն, այդ թերթերը, որոնք Ցեղասպանութեան վկայագիրները դարձան, հետաքրքրուած են ոչ թէ Արցախի իրավիճակով, այլ Երեւան խուժած ռուսերով, անտեսելով միայն մղոններ հեռու նիւթուող ցեղասպանութիւնը եւ շարունակաբար լուսարձակի պահելով Ուքրանիոյ կացութիւնը։
Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, հայութիւնը պայքարեցաւ՝ նպատակ ունենալով անոր ճանաչումը եւ արդարութեան հատուցում ապահովել։ Նոյնիսկ ինքզինք մարդկային իրաւանց յառաջամարտիկը յորջորջած Միացեալ Նահանգները միայն 106 տարի ետք քաջութիւնը ունեցաւ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, տասնամեակներով լուռ մնալէ ետք, որովհետեւ մտահոգ էր Անգարայի հակադարձութեամբ։
2021ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս հաստատող իր յայտարարութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շեշտեց, թէ այս քայլով »յանձնառու կը դառնանք արգիլելու նման նախճիրի մը կրկնութիւնը«:
Ըստ երեւոյթին՝ միայն երկու տարի պէտք էր Պայտընի վարչակազմին եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած շարք մը այլ երկիրներու, որ ձերբազատին այլ ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը կանխարգիլելու պարտաւորութենէն եւ Պայտընի այն խոստումէն, թէ կ՛ուզէ կերտել «աշխարհ մը, որ ապականած չըլլայ առօրեայ չարիքներով, նախապաշարումով եւ անհանդուրժողութեամբ, ուր յարգուին մարդկային իրաւունքները եւ ուր բոլոր մարդիկ կարենան իրենց կեանքը շարունակել արժանապատուութեամբ եւ ապահովութեամբ»։
Այս պետութիւնները, որոնք կը բաւարարուին միայն «մտահոգութիւն» յայտնելով Ատրպէյճանի հակահայ բռնարարքներուն նկատմամբ եւ շարունակաբար կոչ կ՛ընեն Պաքուին, որ վերջ տայ Արցախի շրջափակումին՝ առանց շօշափելի քայլեր առնելու, մոռցած են Պայտընի յիշատակած վճռակամութիւնը՝ «արգիլելու ապագայ նախճիրներու կրկնութիւնը, որեւէ աշխարհամասի մէջ եւ սկսելու ապաքինման ու հաշտութեան գործընթացը՝ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար»:
Այս օրերուն, ուրիշներու մարդկային իրաւունքները գերադաս կը դասուին գոյութենական վտանգ դիմագրաւող հայերու իրաւունքներէն։ Փաստօրէն շատեր կարողութիւնը չունին պատմութենէն դասեր քաղելու, կամ աւելի լաւ աշխարհ մը կերտելու խոստումները արագօրէն կը մոռցուին։
Կասկած չկայ, որ 108 տարիներ իր արդար իրաւունքներուն եւ ազգային շահերուն համար պայքարելու՝ հայութեան վճռակամութիւնը աննկուն է եւ գոնէ մե՛նք պատրաստ ենք պատմութենէն դասեր քաղելու՝ դէմ դելու համար մեր նորագոյն մարտահրաւէրներուն։