Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը կը շարունակուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բազմամեայ հակասութիւններուն պատճառով: Այս մասին, ըստ «Թասս» լրատու գործակալութեան, ՀԱՊԿի միացեալ շտապի 20ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին յայտարարեց ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Տասմակամպեթով:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Կեդրանական Ասիոյ երկիրներուն՝ ընդգծելով, որ նշեալ տարածաշրջանին մէջ կը նկատուի ծայրայեղական գաղափարախօսութեան եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու` ՀԱՊԿի անդամ-պետութիւններու տարածք ներթափանցելու սպառնալիքի աճի միտում:
«Յատկապէս մտահոգիչ են Աֆղանիստանի տարածքէն եկող համալիր սպառնալիքները», ըսաւ Տասմակամպեթով։