ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին նախագահութեամբ՝ Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստը, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ խորհուրդը վերզգուշացուց երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապներէն` կոչ ուղղելով պատասխանատուներուն բարեկարգումներ մշակելու, որպէսզի կարելի ըլլայ տագնապի բեռը մեղմացնել:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց շրջանային եւ միջազգային զարգացումներէն օգտուիլ` հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն տրամադրութիւնը խանգարող բոլոր հաւանականութիւնները կանխարգիլելու:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց՝ Լիբանանը ձերբազատելու բոլոր այն բեռներէն, որոնք այլեւս հանդուրժելի չեն, սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարին լուծում մը գտնելու, ինչպէս նաեւ մեղմացնելու ատելութեան եւ լարուածութեան մթնոլորտը, որմէ կրնայ ծնիլ ապահովական տագնապ մը:
Նախագահական ընտրութեան թղթածրարը քննարկելու նպատակով, Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի սկսած է այցելութիւններու շարքը մը, որուն ծիրին մէջ ան այցելեց Ռայի պատրիարքին:
Մարոնի պատրիարքութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատ յայտնեց, թէ Պուխարի Ռայի պատրիարքին փոխանցած է Սէուտական Արաբիոյ ողջոյնները եւ բարձր գնահատեց Ռայի պատրիարքին առաջադրած նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ շարունակուող ճիգերը` նախագահական ընտրութիւնը կատարելու եւ համախոհական նախագահի մը շուրջ համաձայնելու իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ դնել նախագահական դատարկութեան փուլին, որ, ըստ Ռիատի, կը սպառնայ լիբանանցիներու ձգտումներու իրականացման:
Պուխարի շեշտեց, թէ պէտք է շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ վերջ դնել նախագահական թափուր աթոռի դրութեան` ընդգծելով, որ Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութիւնները կ՛երաշխաւորեն լիբանանեան ազգային համագործակցութիւնը եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդումը:
Պուխարի այցելեց նաեւ Տար Ֆաթուա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ:
Պուխարի խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի հետ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնները եւ նախագահի ընտրութեան թղթածրարը:
Այն Թինէէն մեկնումի պահուն, Պուխարի շեշտեց, որ Ռիատ անհրաժեշտ կը նկատէ ամէնէն մօտիկ ապագային Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա կը փափաքի, որ Լիբանան ունենայ կարողութիւններ ունեցող նախագահ մը, որ կրնայ իրագործել լիբանանցիներուն ձգտումները:
Նշենք, որ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի միայն նախագահական իր թեկնածուին` «Մարատա» հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէին, եւ միտքին մէջ այլընտրանք չունի:
Պուխարի այցելեց նաեւ «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլին եւ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժաաի հետ: