Կիրակի օր, Արաբական լիկան, արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով՝ Սուրիոյ եւ Սուտանի հարցերուն շուրջ երկու արտակարգ նիստեր պիտի գումարէ:
Առաջին նիստը պիտի յատկացուի սուրիական տագնապի զարգացումներու եւ Սուրիոյ` Արաբական լիկա վերադարձնելու հարցերու քննարկման, իսկ երկրորդ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի Սուտանի մէջ ընթացող պատերազմը:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Ապուլ Ղէյթ, «Շարք» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ «մեկնելով մեր նկատած աշխատանքներէն, հաղորդակցութիւններէն ու աշխոյժ քայլերէն` Սուրիոյ վերադարձը շատ հաւանական կարելիութիւն մըն է»: