Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Հնդկաստանի անոր պաշտօնակից Սուպրահմանեամ Ճայշանքար Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ծիրին մէջ, հանդիպում մը ունեցան:
Անոնք բարձր գնահատեցին Ռուսիա-Հնդկաստան համագործակցութեան թափը։ Կողմերը հաստատեցին նաեւ իրենց նպատակը՝ զօրացնելու համակարգման միջոցառումները, որպէսզի ընդհանուր մօտեցումներ մշակեն միջազգային կարեւոր հարթակներու վրայ։ Կատարուեցան կարծիքներու փոխանակումներ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի հրատապ հարցերու շուրջ։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի, համաձայնութիւն գոյացաւ՝ հետեւելու միջպետական յարաբերութիւններու արդար եւ բազմաբեւեռ համակարգի մը հաստատման ուղեգծին։