Համադրեց՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան ծնած է 1913ին, Մարաշ։ Հօր անունը՝ Յակոբ (Յակոբոս) եւ մօր անունը՝ Վիքթորիա: Յակոբ Վարժապետեան եղած է Մարաշի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ քահանայ՝ տէր Գրիգոր Վարժապետեանի միակ զաւակը: Յակոբ ուսումը ստացած է Թարսուսի Ամերիկեան Ս. Պօղոս քոլէճէն: Ան եղած է մտաւորական, գրաբարագէտ, գրող եւ ուսուցիչ: Տնօրէնը եղած է Մարաշի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական դպրոցին: Ան ուսումնասիրած է Մարաշի բարբառը, գրած է բանաստեղծութիւններ, ուսումնասիրած է Մարաշի պատմութիւնը, որ յետագին հում նիւթ ծառայած է «Մարաշ Կամ Գերմանիկ» ծաւալուն գիրքին, որ հրատարակուած է Նիւ Եորք, 1934ին: Ան աշխարհաբարի թարգմանած է Եղիշէի «Վարդանանց Պատերազմը», որ լոյս տեսած է Պոլիս 1911ին: Ան հեղինակած է նաեւ անգլերէն-հայերէն-թրքերէն զրուցատրութեան հատոր մը: Վարժապետեան գերդաստանը տուած բազմաթիւ եկեղեցականներ: Տէր Գրիգորին եղբայրը՝ Յովհաննէս, եղած է արքեպիսկոպոս, իսկ իրենց հայրը՝ Յովհաննէս հիմնած է Մարաշի առաջին դպրոցը Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կից:
Իր կարգին, Վիքթորիա աւետարանական մարաշցի Գալայճեան ընտանիքի զաւակն է․ ուսումը ստացած է Մարաշի Ամերիկեան աղջիկներու քոլէճէն: Աւարտելէ ետք, ան հրաւիրուած է Մարաշի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրոցը, որուն տնօրէնը եղած է, ինչպէս յիշեցինք, Յակոբ Վարժապետեանը: Վիքթորիա կը ծանօթանայ Յակոբ Վարժապետեանին դպրոցէն ներս եւ անոնք կ՛ամուսնանան ու կը բախտաւորուին չորս զաւակներով՝ Սիսակ, Հրաչ, Տիգրան եւ Շահէ:
Յակոբ Վարժապետեան կը մահանայ 1914ին իր ետ ձգելով այրի Վիքթորիան չորս զաւակներով: Տիգրան հազիւ երկու տարեկան եղած է հօրը մահուան:
1915ին, տէր Գրիգոր մարաշցի 40 ընտանիքներով առաջին տեղահանուածներէն կ՛ըլլան: Ան գողգոթայի ճամբան բռնած կը քալէ երեցկինին, իր հարսին ու անոր չորս զաւակներուն հետ: Տարագրութեան ճամբան կ՛ըլլայ փշոտ եւ դժուար: Անոնք ի վերջոյ կը հասնին Յորդանանի Թաֆիլէ գիւղը, ուր կը հանդիպին մարաշցի ուրիշ ընտանիքներու: Տէր Գրիգոր արաբ գիւղապետին տան մէջ ամէն Կիրակի պատարագ կը մատուցէ: Տեղացի արաբները բարեացակամ կը գտնուին իրենց հանդէպ: Համաճարակի մը հետեւանքով տէր Գրիգոր կը վախճանի ու կը մահանայ նաեւ Տիգրանին Շահէ եղբայրը: Վիքթորիա անգլերէն գիտնալուն պատճառով թուրք զինուորականներու զաւակներուն ուսուցչուհին կը դառնայ եւ անոնց կը դասաւանդէ՝ թուաբանութիւն, թրքերէն, եւ թրքանման հայերէն երգեր: Ան մոմի լոյսի տակ իր երեք զաւակներուն կը սորվեցնէ, Այբուբենը՝ հայ լեզուն, եւ անգլերէն: Վարժապետեան ընտանիքը այլ հայ գաղթականներու հետ կը հասնին Փօր Սայիտ, անցնելով Քէրէք բերդաքաղաքէն եւ Ղոր գիւղաքաղաքէն: Փօր Սայիտ կը մնան գաղթակայաններու մէջ երկար ամիսներ:
Զինադադարին, Փօր Սայիտ գտնուող բոլոր հայ գաղթականները կը վերադառնան իրենց ծննդավայրը: Վարժապետեան ընտանիքն ալ կը հասնի Մարաշ: Վիքթորիա կ՛աշխատի Մարաշի Ամերիկեան Կարմիր Խաչի կեդրոնին մէջ եւ ապա Ամերիկեան հիւանդանոցին: Վիքթորիա եւ երեք զաւակները կ՛ապրին Մարաշի աղէտին արհաւիրքը, սակայն հրաշքով կ՛ազատին:

Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Վիքթորիա եւ իր երեք զաւակները, բոլոր մարաշցիներուն նման, երկրորդ անգամ ըլլալով կը դառնան գաղթական եւ կը հասնին Հալէպ:
Հալէպի մէջ, Վիքթորիա դարձեալ Ամերիկեան որբախնամ կազմակերպութեան մօտ կը գործէ եւ երեք զաւակները կը տեղաւորէ հայ որբանոց մը, ուր անոնք կը ճանչնան որբերու տխուր եւ անարեւ կեանքը։ Վիքթորիա կը ստանձնէ երեք զաւակներուն նախակրթարանի կրթութիւնը եւ ազգային դաստիարակութիւնը:
Երբ կը փակուին Հալէպի ամերիկեան որբախնամ հաստատութիւնները, Վիքթորիա երեք զաւակներով կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը տեղաւորէ անոնց Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն» ամերիկեան որբանոցը, իսկ ինք կը սկսի աշխատիլ Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ:
Վարժապետեան եղբայրներ «Թռչնոց Բոյն» կը մնան երկու տարի ապա անոնք կը յաճախեն Պէյրութի Հայ Աւետարանական վարժարանը, ուրկէ Տիգրան շրջանաւարտ կ՛ըլլայ 1929ին։
Տիգրան Վարժապետեան 1929ին կը մտնէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան եւ 1937ին կը ստանայ բժիշկի իր վկայականը ։
Ան տասը տարի որպէս բժիշկ կը գործէ Լիբանանի Ճզզին եւ Սուրիոյ Սելմիէի քաղաքներուն մէջ:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան 1947ին կը մեկնի Ամերիկա եւ կը ստանայ Ք Ճառագայթներու (X Ray) մասնագէտի վկայական «Հարվըրտ» համալսարանէն, 1949ին։ Վերադառնալէ ետք Պէյրութ, կը հաստատէ իր անձնական Ք ճառագայթային նկարահանումի դարմանատունը, որ գործած է մինչեւ 1977:
Տիգրանին մայրը՝ Վիքթորիա կը մահանայ Պէյրութի մէջ, 16 Յունուար 1971ին։
Բժշկութիւնը Տիգրան վարժապետեանին համար եղած է մարդասիրական ծառայութեան առաքելութիւն: Ան վայելած է իր հիւանդներուն յարգանքն ու համակրանքը:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան իրապէս նկատուած է «Մարդ Բժիշկ»․ ան իր հիւանդներուն բաշխած է կորով, որպէսզի անոնք կարենան յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները: Ան եղած է փխրուն սիրտի տէր, լաւատես, եւ յոգնիլ չգիտցող մարդ:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան իր բժշկական ասպարէզի կողքին եղած է հասարակական գործիչ, գրող եւ գլխագիր ՄԱՐԴ:
Ան ամուր կառչած է իր հայ արմատներուն: Իր բժշկական ասպարէզին կողքին, ազգային հասարակական ծառայութիւնը եղած է իր սիրած երկրորդ ասպարէզը:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան իր մասնակցութիւնը բերած է լիբանահայութեան ազգային մշակութային կեանքին, իբրեւ գրող, բանախօս, վարչական եւ ղեկավար:

1942-46ին գործած է ՀԲԸՄի Հայ Երիտ. Ընկեր. Գրասէր միութեան մէջ:
1946-47ին եռանդով աշխատած է ներգաղթի կոմիտէին մէջ:
1948-50 մաս կազմած է Պոսթընի Մարաշի Հայրենակցական միութեան վարչութեան:
1952-1975 եղած է ՀԲԸՄի Լիբանանի վարժարաններուն Կրթական յանձնախումբին ատենապետը:
1975ին, բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան Վահէ Վահեանի հետ Ամերիկա կը մեկնի Բարեգործականի կողմէ կազմակերպուած լիբանահայութեան կարօտեալներու հանգանակութեան առաքելութեամբ եւ լիովի կը կատարէ իր պարտականութիւնը: Ան կը խօսի Նիւ Եորքի, Տիթրոյիթի, Շիքակոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ եւ յաջողութեամբ կը պսակէ իր առաքելութիւնը:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան սկսած է գրել 1938ին: Առաջին փորձերը լոյս տեսած են «Ծիածան» գրական պարբերաթերթին մէջ։ Աշխատակցած է «Անի», «Շիրակ», «Յուշարար», «Բժիշկ» ամսագիրներուն հետ, ինչպէս նաեւ «Զարթօնք», «Սփիւռք», «Պայքար», «Նոր Օր» թերթերուն հետ:
1946ին, Պէյրութի մէջ, լոյս տեսած է իր պատմուածքներու առաջին հատորը՝ «Կեանքի Քառուղիէն», իսկ 1957ին՝ երկրորդը՝ «Զառիթափին Վրայ»։
1967ին հրատարակած է “»Բժիշկը Կեանքի Ու Մահուան Հետ» հատորը:
1969ին, Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 100ամեակին, հրատարակած է «Գարուն Ա» պատմուածքներու հատորը:
1974ին լոյս տեսած է իր «Ցայտաղբիւրներ Անապատներու Մէջ» պատմուածքներու հատորը:
Յետ մահու, յաջորդաբար հրատարակուած են իր պատմուածքներու հաւաքածոյէն՝ «Հայրենիքէս Դուրս” (Երեւան, 1985) եւ «Արծիւը Կը Սաւառնէր» (Լոս Անճելըս,ի 1987)։
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան նկատուած է տաղանդաւոր, իրապաշտ եւ անկեղծ արձակագիր մը: Իր գրած բազմաթիւ հոգեբանական պատմուածքները առնուած են բժշկական թէ այլ փորձառութիւններէն, որոնց ենթահողը եղած է ՝ ազգայինը, հայու իր տառապանքը, տագնապը:
1951ին ան ամուսնացած է Գառնիկ Պետրոսեանի դուստրին՝ Հերմինէ Պետրոսեանի հետ: Անոնք բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Լուսայգ, Իռենա եւ Հրակ:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան մահացած է 19 Սեպտեմբեր 1977ին, Պէյրութի մէջ։
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Կարօ Տէրունեան, Iammedia, 4 Յուլիս 2020.
2. Մելքոնեան, Զարեհ, «Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան․ Մարդն Ու Գրագէտը», «Պայքար», 12 Դեկտեմբեր 1978.
3. Պապայեան, Երուանդ, «Գրող Եւ Ազգային-Հասարակական Գործիչ՝ Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան», «Նոր Կեանք», 7 Փետրուար 2008.
4. Պապայեան, Երուանդ, «Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան․ Մահուան 25ամեակին Առիթով», «Խօսնակ», Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր, 2002.
5. Լեւոն Վարդան, «Ակնարկ Լիբանահայ Գրականութեան Մասին», Սիսակ Վարժապետեանի «Հայերն Լիբանանի Մէջ»էն, Դ. հատոր.
6. «Զարթօնք» օրաթերթ, Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան», «Հայերն Լիբանանի Մէջ»էն, Ե. հատոր, 24 Սեպտեմբեր 1978.
7. «Բժիշկ», «Յուշ Երեկոյ Նուիրուած Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեանի», Հոկտեմբեր 1987.
8. «Արծիւը Կը Սաւառնէր».
9. Տիկին Լուսայգ Վարժապետեան-Պետրոսեան, անձնական թղթակցութիւն, Մոնթրէալ, Ապրիլ 2023.