Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան 5 Մայիսին, Անգարայի մէջ, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ օրեր առաջ Թուրքիոյ կողմէ «Նեմեսիս» յուշարձանի տեղադրման պատրուակով, հայկական օդանաւային ընկերութիւններուն համար օդային տարածքի փակման` յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ այս հանդիպումը իր հերթին պիտի նպաստէ հարցի լուծման:
Իբրեւ պատասխան` Շենթոփ ըսաւ, որ իրենց համար զգայուն եւ ցաւալի հարց է Երեւանի մէջ «Նեմեսիս» յուշարձան-կոթողի բացումը, որմով ալ պայմանաւորուած է վերոնշեալ արգելքը:
Սիմոնեան հակադարձեց՝ ըսելով, որ կարելի է մատնանշել բազմաթիւ պատճառներ, որոնց իբրեւ արդիւնք բազմաթիւ գործընթացներ կանգ առած են, սակայն իր այցելութիւնը իր մէջ նաեւ այս առումով յառաջ շարժելու ազդակ ունի:
Սիմոնեան նաեւ նշեց, որ Հայաստան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ հայ-թրքական ցամաքային սահմանի բացման՝ Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցողներուն համար: Ան յայտնեց, թէ ինք կ՛ափսոսայ որ չէ կրցած դիւանագիտական անձնագիրով հատել ցամաքային սահմանը այդ ժողովին մասնակցելու համար:
«Չնայած մի շարք հարցերի վերաբերեալ Հայաստանի եւ Թուրքիայի դիրքորոշումների տարբերութեանը` յոյսով ենք, որ այս հանդիպումը հիմք կը ծառայի հայ-թուրքական խորհրդարանական երկխօսութիւն հաստատելու եւ դրա շարունակականութիւնն ապահովելու ուղղութեամբ անհրաժեշտ հիմքեր ձեւաւորելու համար», ըսաւ Սիմոնեան:
Շենթոփ իր կարգին ընդգծեց, որ Թուրքիա կը ձգտի կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ: Ըստ անոր՝ հայ-ատրպէյճանական տագնապին կարելի եղածին չափ շուտափոյթ հանգուցալուծումը օգուտ է ոչ միայն հակամարտող կողմերուն, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին:
Հանդիպման անդրադարձ կատարուեցան Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշնակցային յարաբերութիւններուն, որոնց վերաբերեալ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը շեշտեց, որ Պաքուի մօտեցումները կառուցողական չեն. վերջինս հանդէս կու գայ առաւելապաշտական դիրքերէ: Քննարկուեցան Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձին եւ յետ-պատերազմ իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Նախքան պաշտօնական հանդիպումը, երկու երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարները շուրջ 20 վայրկեան տեւողութեամբ առանձնազրոյց ունեցան:
Մինչ այդ Սիմոնեան Անգարայի մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Նեմեսիս» յուշարձանը տեղադրուած է քաղաքային իշխանութիւններուն որոշումով:
«Ցաւում եմ, որ յուշարձանի տեղադրումը նման արձագանգ է ստացել Թուրքիայում: Որոշումը կայացուել է տեղական ինքնակառավարման մարմնում, եւ ես չեմ ցանակնում, որ դա այստեղ ընկալուի որպէս Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան դրսեւորում կամ որպէս ոչ-բարիդրացիական քայլ», ըսաւ Սիմոնեան` յստակացնելով, որ Հայաստանի մէջ պետական արտաքին քաղաքականութիւնը կ՛իրականացուի վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ: «Այս մակարդակում կայացուած որոշումներին բոլորդ ականատես էք վերջին ամիսներին», յայտնեց ան՝ դիտել տալով, որ «ցանկութեան դէպքում միշտ էլ կարելի է յարաբերութիւնները վատացնելու պատճառներ գտնել»:
«Ես էլ կարող էի հազար տարբեր պատճառ գտնել Թուրքիա չժամանելու համար, բայց ես այստեղ եմ, որպէսզի թուրք հասարակութեանն ասեմ, որ Հայաստանը պատրաստ է խաղաղութեան եւ յարաբերութիւնների կարգաւորման` առանց նախապայմանների», յայտնեց Սիմոնեան։