Արդէն երկրորդ տարին է, որ Կլէնտէյլի քաղաքապետարանի արուեստի եւ մշակոյթի բաժանմունքը «Ադամանդ» մրցանակներ կը յանձնէ տարուան լաւագոյն արուեստագէտներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք արուեստի եւ մշակոյթի ոլորտներու մէջ նուաճում արձանագրած են՝ սատարելով քաղաքի զարգացումին: Այս տարի այդ մրցանակին կը յաւակնէին բազմաթիւ արուեստագէտներ եւ կազմակերպութիւններ՝ արուեստի տարբեր ոլորտներէն:
2007 թուականի մրցանակներու յանձնումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 9 Յունիսի երեկոյեան ժամը 6էն 9ը, քաղաքի Pacific Commounity Center-ի սրահին մէջ՝ քաղաքապետարանի պաշտօնեաներու, կրօնական եւ այլ բարձրաստիճան հիւրերու ներկայութեան:
Պատուաւոր մրցանակներու արժանացան երիտասարդ երգչուհի Ճուլիա Հերոն Մետցլերը, հանրածանօթ պարուսոյց Աննա Չանբազեանը, Ֆիլիփինեան ժողովրդական արուեստի համոյթը, Fran Buchanan-ը, իբրեւ արուեստի գործընկեր եւ City Bank-ը, իբրեւ արուեստի աջակցութեան գործընկեր:
Բարձրագոյն «Ադամանդ» մրցանակին արժանացաւ մեր հայրենակից, նկարիչ, Աթանեան արուեստի դպրոցի տնօրէն Վլատիմիր Աթանեանը: Անուանի արուեստագէտին յանձնուեցան նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգի Քոնկրէսի եւ Ծերակոյտի պատույ գիրերը՝ շրջանի արուեստի ոլորտին մէջ մեծ ներդրում ունենալուն համար: «Շատ կարեւոր է, որ Կլէնտէյլ քաղաքը կը գիտակցի արուեստի կարեւորութեան եւ կը քաջալերէ յատկապէս արուեստագէտները: Ես բազմաթիւ մրցանակներ ստացած եմ, բայց այս մրցանակը յատկապէս արժէքաւոր է ինծի համար, որովհետեւ երբեք չէի պատկերացեր, որ Ամերիկայի մէջ ապրելու 15 տարիներու ընթացքին կրնամ այսպիսի մրցանակի արժանանալ», ըսաւ Վլատիմիր Աթանեան: