ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԲԱԼԵԱՆ
Այս տարի՝ 21րդ անգամը ըլլալով տեղի ունեցաւ Մարդու Իրաւունքներու միութեան կազմակերպած «Այշէնուզ Զարաքօլու» խօսքի ազատութեան մրցանակաբաշխութիւնը: Երեքշաբթի, 9 Մայիսի երեկոյեան, միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման ընթացքին մրցանակներ տրուեցան «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանին, լրագրող Թուղրուլ Էրեըլմազին եւ բանտարկուած մամուլի գործիչներուն:
Պարգեւատրման ներկայ գտնուեցան Ժողովուրդներու ժողովրդավարական համագումարի համաբանբեր Էսենկիւլ Տեմիր, Մարդու Իրաւունքներու միութեան համանախագահ Էրեն Քեսքին, Թուրքիոյ Մարդու իրաւանց հիմնարկի վարչութեան անդամներ, «Կանանչ Ձախ» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածուներ Տերսիմ Տաղ, Էօզթիւրք Թիւրքտողան եւ «Շաբաթօրեայ Մայրեր»էն խումբ մը:
Նախ վաւերագրական ֆիլմով մը ներկայացուեցաւ Այշէնուր Զարաքօլուի տարած պայքարը: Ապա միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի ատենապետ Կիւլսերեն Եոլէրի եւ Էրեն Քեսքին իրենց ելոյթներով ընդգծեցին Այշէնուր Զարաքօլուի հրատարակչական գործունէութիւնը, նշելով անոր գայթակղութիւն համարուած նիւթերը ուսումնասիրող գիրքեր հրատարակելով՝ ստանձնած խիզախ վարքը:
Ելոյթ ունեցան նաեւ Այշէնուր Զարաքօլուի որդիները՝ Տենիզը եւ Սինանը: Նախ դերասանուհի Ժիւլիտէ Քուրալի ձեռամբ՝ լրագրող Թուղրուլ Էրեըլմազի մրցանակը յանձնուեցաւ:
Ապա «Մեզոփոթամիա» լրատու գործակալութեան թղթակից Էսրա Սոլին Տալ բանտարկուած լրագրողներու անուան մրցանակը ստացաւ լրագրող Զէյնեֆ Քուրայի ձեռքէն: Էսրա Սոլին Տալ ելոյթ ունենալով յայտնեց, թէ այս մրցանակը կը ստանայ յանուն բանտարկուած իր պաշտօնակիցներուն: «Յարձակումներու դիմադրելու աւանդութիւն մը ձեռք բերած ենք: Բանտարկուած մեր ընկերները ճաղերու ետեւէն ալ կը շարունակեն այդ դիմադրութիւնը: Կարելի չէ լռեցնել ազատ մամուլը», ըսաւ ան:
Բագրատ Էսդուգեան իր մրցանակը ստացաւ »Շաբաթօրեայ Մայրեր«ու ձեռամբ: Ան իր կարգին յայտնեց, թէ պատիւ կը զգայ Այշէնուր Զարաքօլուի անունով հիմնուած մրցանակի մը արժանի տեսնուելով: «Այս մրցանակը ինձմէ առաջ Հրանդ Տինքին ալ ստացած ըլլալը գիտնալով՝ ա՛լ աւելի մեծ իմաստ մը կը ստանայ ինծի համար, յայտնեց ան:
Նախորդ տարի, «Այշէնուր Զարաքօլու» խօսքի ազատութեան մրցանակին արժանացած էին Այսել Թուղլուք եւ Թաքսիմի զօրակցութեան հարթակը:
«ԱԿՕՍ»