Դերասան Պալեան Նիւ Եորքէն Կը Մեկնի Փարիզ

Աշխարհահռչակ դերասան Մկրտիչ Պալեան, որ 65 շաբաթներու ընթացքին 550 ներկայացումներ տուաւ Նիւ Եորքի մէջ, շուտով կը մեկնի Փարիզ, ուր կարճ ժամանակ մը մնալէ յետոյ պիտի անցնի Լոնտոն, ուրկէ Սեպտեմբերին պիտի վերադառնայ Նիւ Եորք։
Պալեան միջազգային բեմին ծանօթ է Նիկիտա Պալեւ անունով եւ իբր ղեկավարը ռուս դերասանական խմբի։
Վերջերս Մոսկուայի մէջ մեռաւ անոր եղբայրը՝ Յովհաննէս Պալեան, որ մեկենասն էր Դանիէլ Վարուժանի գործերուն։
Մայիս 15, 1923, թիւ 957