Իւզպէքիստանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի բռնցքամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ, Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի եռակի ախոյեան Յովհաննէս Բաչքով տիրացաւ իր չորրորդ պրոնզ մետալին` աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով:
63․5 քլկ․ դասակարգի կիսաւարտականի մրցումին, Բաչքով, որ մրցեցաւ Իւզպէքիստանի ներկայացուցիչ, Ասիոյ ախոյեան Ռուսլան Ապտիւլայեւի դէմ, կրեց 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Յովհաննէս Բաչքով նախապէս աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր 2017ին, 2019ին եւ 2021ին:
Իր կարգին, պրոնզէ մետալին տիրացաւ Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Նարեկ Մանասեան, որ 92 քլկ․ դասակարգի կիսաւարտականին 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իտալիան ներկայացնող աշխարհի փոխախոյեան, Եւրոպայի ախոյեան Ազիզ Ապպաս Մուհիէտտինէն: