ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «ԷԼԷՅիսթ»․- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը Երեքշաբթի, Մայիս 16ին միաձայնութեամբ որոշեց Արեւմտեան Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող Ուիլշըր եւ Կրենվիլ պողոտաներու խաչմերուկը «Արցախի Հանրապետութեան Հրապարակ» անունով մկրտել:
Որոշումին մէջ կը նշուի, որ այս քայլը ձեռնարկուած է «ի պատիւ հազարաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող պատերազմող տարածաշրջանին, որ շատ կարեւոր է Լոս Անճելըսի հայկական մեծ համայնքին համար»:
Ըստ այս առաջարկը ներկայացուցած Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը նախագահ Փօլ Գրիգորեանի գրասենեակին` նշեալ խաչմերուկը ընտրուած է յատկապէս այն պատճառով, որ հոն կը գտնուի Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանը:
Դեկտեմբերէն ի վեր, Պաքու շրջափակած է Արցախը, որուն հետեւանքով արցախահայութիւնը գոյութենական պայքար կը մղէ։
«Ատրպէյճանի բռնապետը բացայայտօրէն կը սպառնայ ցեղասպանութեամբ եւ կոչ կ՛ընէ վտարելու բոլոր հայերը այն տարածքներէն, որոնց ան կը յաւակնի, անգամ մը եւս սպառնալով ոչնչացնել հայ ժողովուրդը, իր հայրենիքին մէջ: Մենք այս քայլին դիմեցինք` հաստատելու Լոս Անճելըսի ժողովուրդին համերաշխութիւնը՝ Արցախի ժողովուրդին հետ», յայտարարեց Փօլ Գրիգորեան: