ԵԽԽՎի փաստահաւաք առաքելութեան հարաւային Կովկաս ու յատկապէս Նախիջեւան այցելութեան յետաձգումը մեզի պարզապէս զարմանք կը պատճառէ: Փաստահաւաք առաքելութիւն՝ ստուգելու, թէ առհասարակ ի՞նչ կացութեան մէջ են պատմա-մշակութային յուշարձանները հարաւային Կովկասի երկիրներուն մէջ եւ յատկապէս՝ Նախիջեւանի հայկական յուշակոթողները:
Աշխարհին ծանօթ է (բայց կ’երեւի՝ ոչ եւրոպական պաշտօնական կառոյցներուն) Նախիջեւանի հայկական խաչքարերու ջարդը, որ տեղի ունեցաւ օր ցերեկով, օրին նաեւ՝ լուսանկարուած եւ նկարահանուած՝ իրանեան սահմանէն:
Բայց մեզի կրկնակի զարմանք կը պատճառէ Հայաստանի պատասխանը՝ ի լուր եւրոպական պաշտօնական պատուիրակութեան այցելութեան յետաձգումին: «Կը ցաւինք»:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վլատիմիր Կարապետեան իր յայտարարութեան մէջ «կը ցաւի», որ ատրպեճանական կողմի տարած հետեւողականօրէն ապակառուցողական ճիգերուն հետեւանքով, այս այցելութիւնը տեղի պիտի չունենայ: Կարապետեանի յայտարարութիւնը կարդալէ ետք ունեցանք նոյնիսկ այն տպաւորութիւնը, որ կարծէք հայկական պաշտօնական կողմը շատ ալ շահագրգռուած, մտահոգուած, կամ ընդվզած չէ Օ’Հարայի պատուիրակութեան այցի յետաձգումով: Պարզապէս՝ սորի, որ այդպէս ստացուած է:
Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի պաշտօնատարները նման պարագաներու դիւանագիտական քաղաքավարութիւնը սկսած են շփոթել մեղմաբանութիւններու հետ: Քաղաքավար բառամթերք գործածելը չի հակասեր ջղուտ կեցուածքի: Վլատիմիր Կարապետեանի «կը ցաւինք»ին կրնա՛ր յաջորդել «եւ մտահոգ ու ընդվզած ենք» տողը: Որովհետեւ թէ՛ մտահոգիչ է եւրոպական այս անտարբեր կեցուածքը՝ ի տես մեր դարաւոր յուշարձաններու օր-ցերեկով սրբապղծումին եւ թէ միաժամանակ՝ ընդվզեցուցիչ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան այս յայտարարութիւնը կարդալէ ետք, Օ’Հարա շատ հաւանաբար ոչ իսկ վայրկեան մը տրամադրեց յետաձգումին պատճառով ստեղծուելիք կացութիւնը դիմագրաւելու համար: Իսկ Օ’Հարայի համար՝ ինչո՞ւ մտածել կամ մտահոգուիլ, երբ Երեւան պարզապէս… «ցաւ կը յայտնէ» եւ ուրիշ ոչինչ: