Գոհութիւն եւ փառք կը վերառաքենք առ Ամենակալ Աստուած, որ 2022-2023 կրթական տարեշրջանը եւս յաջողութեամբ աւարտեցինք՝ գործելով Իր ամենասուրբ եւ կենարար շունչին ներքոյ:
Այսու, քրիստոսաւանդ սիրով ու ազգային բորբ ապրումներով մեր գնահատանքի խօսքը կ՛ուղղենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, տնօրէններուն, մեր վարժարաններու Ուսումնական մարմիններուն, նուիրեալ բազում ուսուցիչներուն, հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող հոգիի ու մտքի հաւատաւոր մշակներուն, մեր սիրասուն աշակերտներուն ու անոնց յարգարժան ծնողաց:
Օրհնաբեր այս պահուն, հպարտութեամբ կ՛ընդգծենք, որ անոնք բոլորն ալ, իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան չափով, այլեւ ուսուցանելու, կազմակերպելու թէ խնամելու ծառայութեամբ կամ՝ սորվելու ու աճելու ընթացքով, ահա՛ տարի մը ամբողջ ճգնեցան, աշխատեցան ու քրտինք թափեցին՝ յանուն հայեցի դաստիարակութեան առաւել ծաղկման, մեր կրթական կառոյցներու յաւելեալ շէնացման եւ ամենաթանկագին մեր աշակերտութեան՝ իբրեւ հայ-քրիստոնեայ մարդ ամրակուռ կերտման ու ազգի հոգեւոր, ոգեղէն եւ մշակութային արժէքներու լուսափայլ ճաճանչումի՜ն:
Մե՜ծ է մեր ուրախութիւնը յատկապէս ձեզի՛ համար, մեր ամենասիրելի՛ աշակերտներ, որ ուսումնական տարի մը եւս ձեր ետին թողած, աւելի՛ ամուր կը քալէք ուսումնառութեան այնքան երջանիկ այս ճամբէն ու կը շարունակէք ձեր ներկայ երթը դէպի բարձրագոյն դասարաններ ու համալսարաններ, մինչ շրջանաւարտ սերունդներու կը յաջորդեն զանազան տարիքի նոր ընձիւղներ, թարմացնելով նաեւ համայնքային կեանքը մեր:
Ո՜վ ամենաթանկագին Մաշտոցեան հնոց-Ազգային վարժարաններ,
Թող որ Աստուծոյ խօսքը ըլլայ լուսաւոր ուղեցոյց, հովուական մեր աղօթքները՝ անդրդուելի վահան ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ եւ ամէն մէկ դպրոցի ուրոյն ընտանիքին համար:
Կրկնելու գնով դարձեա՛լ կ՛ըսենք, որ հայկական մեր վարժարանները իրենց հայեցիութեամբ, ազգային դրոշմով, հայ-քրիստոնէական ոգիով եւ ընտանեկան տաքուկ մթնոլորտով եզակի ու առանցքային տեղ կը գրաւեն ընդհանրապէս սփիւռքեան մեր իրականութեան եւ յատկապէս մեր թեմի կեանքէն ներս:
Թող Աստուծոյ աջը ըլլայ պահապան բոլոր-բոլորիդ: Ամէն:
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ, Առաջնորդ
Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց Թեմի