Աստուծոյ առաջնորդութեամբ «Սահակ-Մեսրոպ» Հայ քրիստոնեայ վարժարանը յաջողողութեամբ աւարտեց ընթացիկ 2006-2007 ուսումնական տարեշրջանը։ Համաձայն մեր հաւատքին եւ սկզբունքներուն, պետական ուսումնական ծրագիրները ամբողջացնելու կողքին, մեր սաներուն դասաւանդեցինք Աստուածաշունչը, հայոց լեզուն, պատմութիւնը եւ մշակոյթը։
Այս տարեշրջանը յիշարժան էր յատկապէս այն աննախընթաց երեւոյթով, որ վարժարանը ունեցաւ շրջանաւարտներ 12րդ դասարանէն։ Այս իսկապէս մեծագոյն յաջողութիւն եւ իրականացած երազ մը կարելի է համարել Փասատինայի հայ համայնքին համար՝ ունենալով բարձրագոյն մակարդակի երկրորդական վարժարան մը։
Ուսումնական-կրթական եւ յատկապէս հոգեւոր դաստիարակութեան կողքին, վարժարանի պատասխանատուները մեծ աշխատանք կատարեցին բարելաւելու եւ զարգացնելու մարզական եւ գեղարուեստական շարժումները։ Աշակերտութեան յաջողութիւնները «Քահամ»ի խաղերուն եւ երաժշտական յաջող ելոյթներուն տարբեր երեկոներու ընթացքին անոնց պերճախօս փաստերն են։
Յատկապէս Յունիս ամիսը հարուստ էր կազմակերպուած տարբեր երեկոներով եւ հանդէսներով։
Յունիս 5ին, հարիւրաւոր հանդիսատեսներ վայլեցին մեր «Գարնանային համերգ»ը։ Տարբեր դասարաններու երգչախումբերն ու նուագախումբերը կրցան հիացնել ներկաները իրենց անթերի եւ գեղեցիկ ելոյթներով։ Տպաւորիչ էին «Արաքս գետ», «Ամպի տակից», «Ճախարակ», «Russian Favorites» կտորները։ Վարժարանի տաղանդաւոր երաժիշտ-ուսուցիչներ պրն. Արտաշէս եւ տիկ. Ժաննա Սինանեանները, տիկ. Հիլտա Մնակեանը եւ պրն. Նապիլ Կրկէսը իսկապէս մեծ աշխատանք տարած էին եւ արժանի են ամենայն գնահատանքի։
Յունիս 8ին տեղի ունեցաւ վարժարանի մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը, «Ուր կ’աճին արդիւնաւէտ հատիկները» նշանաբանով։ Բացման խօսքը կատարեց տիկ. Վարդուկ Աւետիքեան։ Ազնուափայլ տիկինը, որ քսան երկար տարիներ անմնացորդ նուիրումով ծառայած էր որպէս մանկամսուրի պատասխանատու, նշեց, թէ սա իր վերջին ելոյթն էր այդ բեմէն եւ իր տեղը կ’ուզէր զիջիլ նոր ուժերու։ Հանդէսի ընթացքին մեր մանուկները հիացուցին ներկաները իրենց արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով։
Յունիս 15ին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը։ Ծաղիկ դասարանի 32 աշակերտները ստացան իրենց առաջին վկայականները։ Գեղարուեստական յայտագիրը դարձեալ ի յայտ բերաւ մեր փոքրիկներուն զանազան ձիրքերն ու կարողութիւնները։ Գնահատելի էին պատասխանատու ուսուցչուհիներ տիկ. Աշխէն Ճիվալակեանի, տիկ. Լիւսի Ստեփանեանի եւ տիկ. Ժաննա Սինանեանի բծախնդիր աշխատանքները։
Վերջապէս Յունիս 22ի երեկոյեան Փասատինայի Առաջին Նազովրեցի եկեղեցւոյ հանդիսասրահը թատերաբեմը դարձաւ պատմական իրադարձութեան մը՝ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ առաջին անգամ ըլլալով երկրորդական բաժիններու շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման արարողութեանց։
Երեք խումբերու շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք, 5րդ դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Հայ աշակերտին ուխտը» եւ «Դրօշակի ուխտը»։ Տիկ. Լիւսի Ապաճեանի առաջնորդութեամբ հնչեցին զոյգ քայլերգները, որմէ ետք մեր սաները աղօթքով եւ բարի գալուստի խօսքերով ողջունեցին ներկաները։ Գեղարուեստական կարճ յայտագրէն ետք, տնօրէն պրն. Լեւոն Ֆիլեան եւ դաստիարակներ տիկ. Սօնա Պատալեան եւ օրդ. Ճիլ Պոքընուկըն 5րդ դասարանի 27 շրջանաւարտներուն յանձնեցին վկայականները եւ պատուոյ մրցանակները։
Ապա 8րդ դասարանի 43 աշակերտներ խմբական արտասանութիւն կատարեցին եւ 2 աշակերտներ իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին եւ ստացան իրենց վկայականները եւ պատուոյ մրցանակները՝ ձեռամբ տնօրէնին եւ դաստիարակներ պրն. Ճէք Աղոյեանին եւ օրդ. Անի Պալեանի։
Երկար սպասումներէ ետք հասած էր պատմական պահը։ Հինգ հայ ռահվիրաներ՝ Մոնիքա Պալեան, Միհրան Պայթարեան, Նարէ Իսկիկեան, Վարդուհի Մսըրլեան եւ Մանուէլ Նալպանտեան դարձան «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանի առաջին շրջանաւարտները 12րդ դասարանէն։ Տնօրէն Լեւոն Ֆիլեան եւ դաստիարակ պրն. Տուայթ Քոլինզ կատարեցին վկայականներու եւ պատուոյ մրցանակներու յանձնումը՝ ներկաներու երկարատեւ ծափերու եւ ուրախ բացագանչութիւններու տակ։
Հինգ շրջանաւարտներու համար հաճելի անակնկալ էր նախ նահանգի 5րդ շրջանի կառավարիչ Մայք Անթոնովիչի գրասենեակի պատրաստած յատուկ խորհրդանշական վկայագիրները, ապա Փասատինայի ոստիկանապետ Պեռնար Մելեքեանի յատուկ ներկայացուցիչ ոստիկան Վազգէն Կուրտիկեանի մասնակցութիւնը, որ կարդաց քաղաքապետ Պիլ Պոկարտի յատուկ ուղերձը եւ հինգ շրջանաւարտներէն իւրաքանչիւրին յանձնեց իրենց ուղղուած անհատական նամակները։
Շնորհաւորական ելոյթ ունեցաւ նաեւ ACSI-ի շրջանային տնօրէն տոքթ. Ճէրի Հէտըք, որ նաեւ առիթը ունեցաւ անդրադառնալու մեկնող տնօրէն Լեւոն Ֆիլեանի գնահատելի աշխատանքին։
Տնօրէն Լեւոն Ֆիլեան իր հերթին շնորհաւորեց շրջանաւարտները, անոնց ծնողները եւ հարազատները եւ բեմ հրաւիրեց նոր տնօրէն պրն. Շահէ Կարապետեանը։
Երեկոյի աւարտին նախ հնչեց «Հայր մերը», որուն յաջորդեցին դպրոցի հիմնադիրներէն վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի եւ Խորէն քհնյ. Պապօշեանի օրհնութեան աղօթքները։
Այս արգասաբեր տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին։ Արդէն անմիջապէս սկսած են աշխատանքներ ու ծրագիրներ մշակել «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանի 2007-2008 տարեշրջանը դիմաւորելու հաստատ քայլերով։
Հոգաբարձութիւնը, նոր տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչակազմը իրենց առջեւ ունին նոր մարտահրաւէրներ։ Մեր նպատակն է ունենալ բեղուն տարեշրջան մը՝ լեցուն յաջողութիւններով եւ յաղթանակներով։
Այսօր կոչ կ’ուղղենք Փասատինայի մեր համայնքի ծնողներուն, որ նեցուկ կանգնին Միացեալ Նահանգներու այս հեռաւոր ափերուն մէջ աճող, բարգաւաճող եւ հայ պահելու սրբազան գործին մեծապէս նպաստող «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանին։
Ամենայն վստահութեամբ արձանագրեցէք ձեր զաւակները այս վարժարանը, քաջ գիտնալով, որ ան ունի մանկամսուրէն մինչեւ 12րդ դասարաններ։
Քալիֆորնիա State Standards-ի պահանջներով պատրաստուած ուսումնական ծրագիր, որ ընդունուած եւ բարձր գնահատուած է University of California-ի Educational Board-էն։
Որակաւորում WASC եւ ACSI կազմակերպութիւններէն։
Հոգեւոր եւ ապահով շրջափակ։
Աստուածաշունչի, հայոց լեզուի եւ պատմութեան դասաւանդում։
Գեղարուեստական եւ մշակութային շարժումներ՝ երգ, պար, նուագ, ասմունք եւ թատրոն։
Մարզական զանազան խմբակներ, մասնակցութիւն տարբեր միջդպրոցական մրցանակներու։
Յաճախակի գիտական, ուսուցողական եւ հաճելի պտոյտներ։
Շրջանաւարտ դասարաններու համար կազմակերպուած ճամբորդութիւններ դէպի արտասահման եւ տարբեր նահանգներ։
Վարժարանի գրասենեակը բաց է ամրան ընթացքին։ Արձանագրութեան եւ այլ տեղեկութիւններու համար կարելի է անձամբ դիմել կամ հեռաձայնել 626 798 5020 թիւով։