Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 15 Յունիսին դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան կրնան խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել, սակայն անոր համար Երեւան պէտք է քաղաքական կամք դրսեւորէ:
Այս մասին ան խօսեցաւ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆի հետ հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Ըստ անոր՝ «Հայաստան պէտք է փաստաթուղթով ամրագրէ այն, ինչը արդէն յայտարարած է, որ՝ Ղարաբաղ Ատրպէյճան է»:
Ալիեւ ըսաւ, որ Փաքիստանի վարչապետին տեղեկութիւն տուած է Ատրպէյճան-Հայաստան բանակցութիւններու գործընթացին մասին: