Քանի մը օր առաջ, The Nation ամսաթերթի խմբագիր Քաթրինա Վանտեն Հիւվել իր մէկ յօդուածին մէջ (commondreams.org կայքէջ, Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29) կու տար կարգ մը տեղեկութիւններ, որոնք կը վերաբերէին ընկերութիւններու տնօրէններու եւ շարքային աշխատաւորներու ստացած աշխատավարձերու տարբերութեան:
Այսպէս, հիմնուելով Institute for Policy Studies եւ United for a Fair Economy հիմնարկներու կատարած ուսումնասիրութիւններուն վրայ, ան կը նշէր, թէ Ամերիկայի մէջ ելեւմտական ամենամեծ 20 ընկերութիւններու տնօրէններու ստացած վճարումը 22,225 անգամ աւելի է նոյն ընկերութեան մէջ պարզ աշխատաւորի մը ստացած վճարումէն: Ճիշդ կարդացիք, քսաներկու հազար երկու հարիւր քսանհինգ:
Նոյն կայքէջի յաջորդ օրուան համարին մէջ, Պիլ Քլինթընի օրով աշխատանքի նախարար Ռապըրթ Ռայշ դիտել կու տար, թէ այսօր շատ քիչեր գիտեն, թէ ինչ է Աշխատաւորներու օրը՝ Սեպտեմբերի առաջին Երկուշաբթին: Ան տխրութեամբ կը հաստատէր, թէ երիտասարդ մը նոյնիսկ իրեն հարցուցած է, թէ այդ օրը ծննդաբերութեան երկունքի օ՞րն է արդեօք (Labour անգլերէն բառը կը նշանակէ թէ՛ աշխատանք եւ թէ ծննդաբերութեան երկունք):
Անկախ երկու յօդուածագիրներու հետագայ վերլուծումներէն, էական է այն տուեալը, որ երբ այսքան մեծ է խրամատը միջին-պարզ աշխատաւորին եւ տնօրէնին վարձատրութեանց միջեւ, երբ ամերիկեան հանրութեան կարեւոր տոկոսին համար Սեպտեմբերի առաջին Երկուշաբթին պարտիզագնացութեան-խորովածի օր է, սա կը նշանակէ, թէ անյապաղ սրբագրութեան արժանի անարդար կացութիւն մը կայ, որ ահագնացող չափերու հասած է այս երկրին մէջ:
Այս անարդար կացութիւնը կը բխի շահագործումի գաղափարէն, աշխատանքի շահագործումի երեւոյթէն: Անընդունելի երեւոյթ է շահագործումը, արդար աշխատանքի շահագործումը, մանաւանդ որովհետեւ ան իր մէջ կը պարունակէ մարդկային ընկերութեան ներդաշնակութիւնը ներքնապէս քայքայող սերմերը:
Շահագործումը պատճառ կը դառնայ, որ մարդկային ընկերութեան շահագործուող տարրը ինքզինք չզգայ իբրեւ ամբողջութեան մէկ մասը, դառնայ անտարբեր, չմասնակցի հասարակական կեանքին ու ինքզինք անջատէ անկէ: Այս կէտին վրայ, ժողովրդավարութեան հասկացութիւնը այլեւս կը վերածուի միմիայն կարգախօսի եւ կը դադրի ապրող իրականութիւն ըլլալէ: Ալ ինչո՞ւ զարմանալ, երբ ամերիկեան նախագահական ընտրութիւններու պարագային նոյնիսկ, մասնակցութեան տոկոսը չհասնի 55 տոկոսի սահմանը:
Աշխատաւորներու օրը աշխատանքի եւ արդար վաստակի նկատմամբ յարգանքի օրն է: