ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ նորակազմ խորհրդարանի «Կանանչ Ձախ» կուսակցութեան Մարտինի պատգամաւոր Ճորճ Ասլան խորհրդարանի նախագահութեան առաջարկեց հետազօտում կատարել ասորիապատկան տարածքներու յափշտակումներու հարցին վերաբերեալ։ Ասլան նշեց, որ Մարտին, Շըրնաք, Հաքքարի եւ մերձակայ տարածքներուն մէջ վերջին 40 տարիներուն շարունակուող բախումներուն պատճառով բազմաթիւ ասորիներ ակամայ հեռացած են իրենց բնօրրանէն։ Անոնց բացակայութեան անիրաւութիւններ գործուած են։ Այդ անօրինութիւններէն բաժին կը հասնի նաեւ եկեղեցիներու եւ վանքերու պատկանող տարածքներուն։ Բացի անհատներու սեփականութիւններէն, ասորիաբնակ գիւղերու տարածքներն ալ պետութեան կողմէ «կը վերստուգուին» ի վնաս ասորիներուն։ Այսպէս, բազմաթիւ արօտավայրեր կամ անտառային տարածքներ արձանագրուած են հարեւան գիւղի սահմաններուն մէջ։
Ճորճ Ասլան կատարուած անարդարութիւնները սրբագրելու պահանջով՝ դիմում ներկայացուց խորհրդարանի նախագահութեան, ակնարկելով սահմանադրութեան 98րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրի 104 եւ 105րդ յօդուածներուն։