Համադրեց՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան ծնած է 18 Հոկտեմբեր 1880ին, Մալաթիա: Հօր անունը՝ Խաչատուր:
1895ին, ծննդավայրին մէջ մասնակցած է թուրք խուժանի մը դէմ բախումի մը եւ յաղթական դուրս եկած է:
Բժշկական վկայական ստացած է 1908ին:
1914ին ծառայած է Օսմանեան կայսրութեան բանակին, իբրեւ բժիշկ:
1914ի կիսուն, ռուս-թրքական ճակատին վրայ ծառայութեան օրերուն, ընկերներու հետ ձիերով փախուստ տուած է թրքական բանակէն, անցած է Ծանծաղ գետը եւ յանձնուած է ռուսական զօրքին: Տեղափոխուած է Կովկաս եւ միացած է զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի կամաւորական բանակին: 1914-920 եղած է Անդրանիկի անձնական բժիշկը, թարգմանիչը եւ թիկնապահը:
14 Սեպտեմբեր 1915ին, Երեւանի մէջ, Սիմոն Վրացեանին հետ դիմաւորած է Ամերիկայէն ժամանած հայ կամաւորներու 500 հոգինոց խումբը:
Եղած է ՀՅԴի անդամ, սակայն որոշ տարակարծութիւններու պատճառով դուրս եկած է ՀՅԴէն եւ միացած է զօր. Անդրանիկի կամաւորական բանակին՝ վաշտապետ- հարիւրապետ աստիճանով:
1917ին անցած է Թիֆլիս եւ զօրավար Անդրանիկի նախաձեռնութեամբ հրատարակած է արեւմտահայերու «Հայաստան» թերթը:
1917ի Մայիս 2-11ին, Երեւանի մէջ կայացած է արեւմտահայաստանցիներու առաջին համագումարը: Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան եղած է 59 պատգամաւորներէն մէկը: Ընտրուած է Ազգային խորհուրդի անդամ, մէկը՝ անոր 15 անդամներէն: Յաջորդ տարիներուն եւս վարած է նոյն պաշտօնը:

Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան մասնակցած է զօրավար Անդրանիկի գրեթէ բոլոր արշաւանքներուն եւ կռիւներուն:
Ան եղած է Զանգեզուրի հայկական ինքնապաշտպանական շրջաններէն մէկուն հրամանատարը:
Անդրանիկի կողքին եղած է Կարինի պաշտպանութեան օրերուն, 10-27 Փետրուար 1918ին:
Կարինի անկումէն ետք, մասնակցած է Զանգեզուրի պաշտպանական կռիւներուն:
Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան 1919ին մաս կազմած է հայկական պատուիրակութեան եւ այցելած է Ֆրանսա: Այցին նպատակն էր հայ ազատագրական պայքարի շարունակումը եւ հայկական Կիլիկիոյ ազատագրումը։ Ան Փարիզի մէջ հանդիպած է հայ ականաւոր գործիչներու՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի, Գաբրիէլ Նորատունկեանի, Վահան Փափազեանի, Աւետիս Թերզիպաշեանին եւ Ֆրանսայի նախագահին:
Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը 1919ին պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած է Միացեալ Նահանգներ: Պատուիրակութեան անդամ եղած է զօրավար Անդրանիկ: Բժիշկ Հայկ Բոնապարդեան ընկերացած է զօրավար Անդրանիկի՝ իբրեւ անոր անձնական բժիշկը, թիկնապահը եւ աջակիցը:
Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան զօրավար Անդրանիկի ընկերացած է նաեւ անոր Անգլիա եւ Եգիպտոս այցելութիւններուն, 1920ին:

Ան նաեւ եղած է անուանի հռետոր:
Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան մահացած է 10 Յունուար 1955-ին, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, եւ թաղուած է Կլենտէյլի «Ֆորէսթ Լոն Մեմորիէլ Փարք» գերեզմանատան մէջ:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Մինասեան, բժիշկ Յարութիւն, «Հայազգի Բժիշկ-Գործիչներ», Երեւան, 2020:
2. «Ուիքիփետիա», ազատ հանրագիտարան, «Բոնապարտեան Հայկ Խաչատուր»: