Համբերութեան ի՞նչ ըլլալուն մասին տրուած հարցումի մը մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ տարբեր սահմանում տալ: Որովհետեւ մարդկային տրամադրութենէն, բնաւորութենէն, խառնուածքէն ու վերջին հաշուով՝ կենսունակութենէն կախեալ է այդ երեւոյթին սահմանումը: Աւելի պարզացնելով հարցը, կարելի է հետեւեալը հարցնել. քանի՞ վայրկեան կրնաս համբերել:
Մարդ էակը համբերութեան նկատմամբ իր զգացողութիւնը ունի, որուն համաձայն գիտէ երկարաձգել կամ, ընդհակառակը, սեղմել համբերութեան ժամանակամիջոցը:
Այսքան քմահաճ առաձգականութիւն ունեցող մարդկային համբերութեան դիմաց, զարմանալիօրէն ինչքա՜ն լայնաշունչ է Աստուծոյ համբերութիւնը: Ղուկասու Աւետարանին մէջ «Անպտուղ թզենի»ին առակը արձանագրուած կը գտնենք, ուր կը խօսուի Աստուծոյ համբերութեան մասին: Այգիին տէրը կը բողոքէ այգեպանին, ըսելով, թէ երեք տարիներէ ի վեր կու գայ պտուղ քաղելու, սակայն ծառը պտղաբերութեան ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ: Ուստի, անոր անարդիւնաւորութիւնը տեսնելով, այգեպանին կը թելադրէ, որ կտրէ զայն, որպէսզի զուր տեղ հողամաս չգրաւէ այգիին մէջ: Խղճամիտ այգեպանը սակայն, իր վրայ առնելով զայն խնամելու յաւելեալ աշխատանք մը, կը համոզէ իր տէրը, որ տարի մը եւս թոյլատրէ իրեն ծառին շուրջբոլորը փորելու, պարարտացուցիչ աղբ դնելու, յուսալով, որ յաջորդ տարի ծառը պտղաւորուի: Այլապէս, կ’ըսէ, գալ տարի կտրէ զանիկա:
Առակին ամէն մէկ բառը ինքնին վերլուծման դուռ կը բանայ, համբերութեան երեւոյթը առաւել եւս յստակ դարձնելով մեր աչքին, որ սոյն առակին հիմնական մտածումը կը կազմէ: Երեք տարիները, որոնք յիշուած էին, եւ այն չորրորդն ալ, որ կ’աւելնայ անոնց վրայ, արդէն իսկ ժամանակ մը կ’ենթադրեն, որ համբերութեան առումով բաւական երկար միջոց մըն է: Մեր մարդկային տրամադրութիւնները քննելով, համբերութիւնը վայրկեաններու հարց է, եթէ ոչ՝ երկվայրկեաններու: Երբեմն հազիւ կրնանք համոզել անձ մը, իր մէկ անհամբերութեան միջոցին, որ գէթ մէկէն մինչեւ տաս հաշուէ, իբրեւ համբերութեան կարճ ժամանակ մը: Բայց եթէ գիտնայինք, որ այդ թզենին մենք իսկ ենք եւ այգիին տէրը Աստուած ու այգեպանը Քրիստոս ինք, ինչքան պիտի ամչնայինք մեր՝ իրարու նկատմամբ անհամբերութիւնները կամ անհանդուրժողութիւնը նկատի ունենալով:
Աստուած մեզմէ շատերուն ամբողջ մանկութեան ընթացքին համբերած է, ուրիշներուն՝ գումարած երիտասարդութեան օրերը, իսկ այլոց՝ նաեւ ծերութեան օրերը: Ահա երեք տարիներու խորհրդանշական իմաստը, որ մարդկային կեանքի երեք հանգրուաններն են՝ մանկութիւնը, երիտասարդութիւնը եւ ծերութիւնը: Իսկ յաւելեալ չորրորդ տարին, արդէն իսկ շնորհք մըն է Աստուծոյ կողմէ, որ կը խորհրդանշէ այն յաւելեալ ճիգը, որ այգեգործը՝ Քրիստոս ինք կը կատարէ, մեր փրկութեան ի խնդիր, յուսալով, որ փրկութեան արժանի պտուղ կու տանք: Իսկ թէ ի՞նչ են այդ պտուղները, գաղատացիներուն ուղղուած նամակին հեղինակ առաքեալը հերթով կը թուէ զանոնք. Սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն, ժուժկալութիւն (հմմտ. Գղ. 5. 22-23):
Բայց ինչո՞ւ պատմեց Յիսուս այս առակը, որովհետեւ գիտենք, որ ան տուեալ առակ մը կը պատմէ միշտ որոշ կացութեան մը մէջ, մասնաւոր պարագայի մը դիմաց կանգնած: Ոմանք Յիսուսի մօտ գալով կը պատմեն Անոր այն գալիլիացիներուն մասին, որոնք Պիղատոսի կողմէ սպաննուած էին: Այդ ջարդը տեղի ունեցած էր հաւանաբար Տաճարի գաւիթին մէջ, այդ պատճառով ալ քստմնելի կը նկատուէր ժողովուրդին կողմէ Պիղատոսի կատարածը, որովհետեւ պղծած էր ան Աստուծոյ տաճարը, զոհերու արեան խառնելով գալիլիացիներուն արիւնը: Յիսուսի մօտ եկողները Աստուածային պատիժ մը կը տեսնէին Պիղատոսի այդ արարքին մէջ, այլապէս չկարենալով բացատրել զայն:
Հետաքրքրական է, որ Յիսուս ամբողջութեամբ նոր մօտեցում կը ցուցաբերէ այդ հարցին գծով: Իր ապրած ժամանակ, եթէ մէկը ի ծնէ կոյր էր, անոր այդ կացութեան պատասխանատու կը նկատուէր ծնողքը, որուն գործած այս կամ այն մեղքին ի պատասխան, աստուածային պատիժ մը ստացած էին անոնք՝ կոյր զաւակ մը ունենալով (հմմտ. Յհ. 9.2): Կամ մելիտինեցիները երբ տեսան, որ իժ մը կախուած է Պօղոսի ձեռքէն, նոյնպէս պատիժ համարեցին զայն (Գրծ. 28.4): Ընդունուած մօտեցումը այս էր: Սակայն, Յիսուս բոլոր մարդկութիւնը կը դնէ պատասխանատուութեան մը դիմաց: Նախ ինք եւս կը յիշէ դէպք մը, երբ Սելովամի մօտ աշտարակ մը փուլ եկած էր, եւ անոր տակ մնալով 18 անձեր մեռած էին: Բոլոր մեռնողներն ալ՝ Պիղատոսի կողմէ սպաննուածները, աշտարակին տակ մնացողները, դեռ տակաւին մեռնելիքներն ալ բարոյական պատասխանատուութեան կը կանչէ, ըսելով. «Եթէ չապաշխարէք՝ բոլորդ ալ պիտի կորսուիք»:
Վստահաբար միայն զինք ունկնդրողներուն չէր այդ խօսքը, այլ բոլոր ժամանակներուն ապրող մարդկութեան ուղղուած էր անիկա: Ահա այդ ցուցնելու համար Յիսուս կը պատմէ «Անպտուղ թզենի»ին առակը, իսկ Յովհաննէս Մկրտիչ աւելի յստակ կերպով կ’ըսէ. «Ամէն ծառ, որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի» (հմմտ. Մտ. 3.10), շեշտելով նաեւ, որ ահա կացինը ծառերուն արմատներուն քով դրուած է արդէն:
Ոմանց համար շփոթ, ուրիշներու համար գայթակղեցուցիչ, այլոց համար խրտչեցուցիչ, իսկ ոմանց համար ալ ոչ միայն անզուգական այլ նաեւ անփոխարինելի բառ է ապաշխարութիւնը: Ստուգաբանօրէն «աշխարհէ հրաժարիլ» իմաստ ունեցող այս պարզ ու քաղցր բառը, ծայրայեղ կրօնամոլներու եւ միջին դաստիարակութեամբ կրթուած անձերու հայեցողութեամբ, կը դառնայ բանալին, պայմանը, միակ միջոցը, -իբրեւ բառ-, Աստուծոյ արքայութեան ժառանգորդ դառնալու: Այդ բառը իբրեւ այդպիսին նկատի ունենալու յամառութիւնը ոմանց մօտ գայթակղեցուցիչ ու խրտչեցուցիչ կը դարձնէ զայն, մեծագոյն հարուածը տալով Եկեղեցւոյ, որ այդ բառը իր շարականներուն, աղօթքներուն ու ընդհանրապէս հոգեւոր գրականութեան մէջ առած ըլլալով, նուիրական բառ մը իբրեւ կ’օգտագործէ զայն:
Ապաշխարութիւն բառը մասնաւոր արարքի մը հետ առնչելու բռնազբօս մօտեցումը բառը կը պարպէ իր հոգեւոր ու վեհ իմաստէն, զայն վերածելով սոսկ այս աշխարհին մէջ ի գործ դրուող այլ արարքներէն մէկուն նման խօսքով կիրարկուող մեքենական երեւոյթի մը: Լսուած խօսքի մը կամ մէկու մը կողմէ արտասանուած նախադասութեան մը թութակաբար կրկնումը չէ ապաշխարութիւնը, որուն շունչը կրնայ տեւել պարբերութեան մը արտասանութեան սկիզբէն մինչեւ անոր աւարտը: Այն ապաշխարութիւնը, որ Քրիստոս ինք կը պահանջէր գալիլիացիներէն, ոչ գալիլիացիներէն եւ ամէն ժամանակներուն ապրող գալիլիացի թէ ոչ գալիլիացի մարդոցմէ՝ որակաւոր կեանքի տեսակ մըն է, Աստուծոյ հայեցողութեամբ աստուածահաճոյ կեանք մը, որուն պտուղները թուեցինք արդէն: Ապաշխարութեան այս ընթացքը, որ սկիզբ մը ունի, սակայն անկումներով ու վերականգնումներով պայմանաւորուած է: Ոչ ոք կրնայ յայտարարել իր փրկուած ըլլալը: Սա հերետիկոսութիւն կ’ըլլայ: Մեծ Դատաւորին՝ Աստուծոյ գահին բազմելու յաւակնութիւնը, ի սկզբանէ մեղք է, որովհետեւ դատելու իշխանութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի: Ծիծաղելի ըլլալու աստիճան խղճալի են անոնք, որոնք ապաշխարութիւն բառին ետին պահուըտած, արդէն ադամանդակուռ դղեակներու բանալիներ կը ձուլեն, ապահոված ըլլալ խոստովանելով իրենց երկնային օթեւանները:
Ապաշխարութիւնը ընթացք մըն է կեանքի եւ այդ ճամբուն վրայ ամէն անգամ իյնալուն դարձեալ վերականգնելու կամքը, մարդուն համար մեծ առաքինութիւն կը նկատուի: Իսկ այդ ճամբուդ ընթացքին ուղեկից մը ունիս, որ է Աստուած, որ միշտ պատրաստ է թեւէդ բռնելու, տկարութիւններուդ, յուսահատութիւններուդ, սայթաքումներուդ ու անհաւատարմութիւններուդ պահերուն: Եւ այդ զոհողութիւնը, հակառակ որ չես արժեր իբրեւ մարդ, Աստուած կը կատարէ մե՜ծ հանդուրժողութեամբ, համբերութեան լա՜յն ու աննկարագրելի շունչով մը:
Թզենիին համար 3 տարի համբերեց ան: Վստահ եղիր, որ եթէ 300 տարի ապրելու կեանք ունենայիր, Աստուած պատրաստ պիտի ըլլար այդ ամբողջ տարիներուն ընթացքին համբերելու բոլոր սխալներուդ, ուղղելու համար քեզ ու անպայման պտղաբեր դարձնելու: