Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել 29 Յունիսին յայտարարեց, որ Արցախի մէջ նոր բախումները պատճառ պիտի չդառնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւններու դադրեցման:
«Մենք շատ անհանգստացած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդկային կորուստներով եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք բոլոր զոհերու ընտանիքներուն: Այս միջադէպը կ՛ընդգծէ բախումներէ խուսափելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կայուն խաղաղութեան կարեւորութիւնը», յայտնեց ան՝ աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգները յանձնառու է օգնել կողմերուն՝ հասնելու այդ նպատակին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն անմիջականօրէն ներգրաւուած է խաղաղ գործընթացին մէջ: Ուղիղ երկխօսութիւնը հարցերու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու բանալին է»:
Ըստ Փաթելի՝ 27 Յունիսին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ նախարար Պրինքընի հանդիպումը կառուցողական էր: Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ հանդիպումներ կազմակերպել նաեւ այսօր: «Մենք անհամբեր կը սպասենք, որ այս բանակցութիւնները շարունակուին», դիտել տուաւ ան՝ հաստատելով, որ հանդիպումներու ժամանակացոյցին մէջ փոփոխութիւններ չկան. ամէն ինչ պիտի ընթանայ այնպէս, ինչպէս նախատեսուած էր: