Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 29 Յունիսի նիստին ընթացքին, քննարկումի նիւթ դարձան երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, Ատրպէյճանի սադրանքները եւ բանակցային գործընթացը:
Պատասխանելով պատգամաւորներէն մէկուն՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին մասին հարցուին՝ նախագահ Յարութիւնեան ըսաւ. «Մեր ինքնորոշման իրաւունքի իրացման հնարաւորութիւնն է մեզ պահում այստեղ: Բազմաթիւ զրկանքներ են դեռ սպասւում, բայց եթէ կայ միասնական նպատակ, բոլոր ուժերը պիտի միաւորուեն այդ նպատակի շուրջ»:
Յարութիւնեան խօսեցաւ երկիրը պառակտող երեւոյթներուն մասին՝ անթոյլատրելի համարելով խուճապային տրամադրութիւններու տարածումը:
Ան անդրադարձաւ շրջափակման դժուարութիւնները յաղթահարելու ծրագիրներուն եւ ճգնաժամը յաղթահարելու ուղղութեամբ կառավարութեան աշխատանքը բաւարար նկատեց: