
5 Մայիսին գումարուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի 96րդ Թեմական պատգամաւորական ժողովը։ Օրակարգի նիւթ դարձան ծխական եւ թեմական բազմաթիւ կարեւոր հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն։
Գնահատանքով առ ի գիտութիւն ընդունուեցան թեմական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու հաշուետու զեկոյցները եւ հարցում-պատասխանի միջոցաւ կատարուեցան անհրաժեշտ պարզաբանումները։
Ըստ թեմի կանոնադրութեան՝ յընթացս Թեմական պատգամաւորական ժողովին, պատգամաւորները գաղտնի քուէարկութեամբ՝ գրեթէ միաձայնութեամբ, իրենց վստահութիւնը յայտնեցին թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին՝ օժտելով զայն եւս ութը տարիներու պաշտօնավարման շրջանով, որ ընդունուեցաւ յոտնկայս ծափողջոյններով եւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ։
Տեղի ունեցան նաեւ Թեմական խորհրդի անդամներու ընտրութիւններ։ Մեր հաւատացելոց կը ներկայացնենք նորոգ ընտրեալ թեմական խորհուրդի կազմը.
Վարդան Նազերեան (ատենապետ)
Պետրոս Անսըրլեան (փոխատենապետ)
Մայքըլ Միսաքեան (գանձապահ)
Սիւզի Գրիգորեան (քարտուղար)
Երեմիա վրդ. Աբգարեան
Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեան
Սերովբէ քհնյ. Ալանճեան
Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան
Կոմիտաս քհնյ. Զօհրապեան
Տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմաքեան
Մարք Աստուրեան
Ալեքս սարկաւագ Եսիպով
Սիլվա Խաչիկեան
Արթին Քնաճեան
Արա Երկանեան։
Նուիրեալ սպասաւորներու այս կազմով, առաջնորդութեամբ սրբազան հօր եւ հանդերձ հոգեւորականց եւ բարեպաշտ հաւատացելոց, Արեւմտեան թեմը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն Հայաստան եւ Արցախ աշխարհաց։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
28 Յունիս 2023