ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Դպրոցի հայերէն դասագիրքերու ընդմէջէն, դեռ պատանի տարիքի հարիւրաւոր, հազարաւոր հայ աշակերտներու սիրտերուն եւ միտքերուն մէջ դրոշմուած է արեւմտահայ գրականութեան լաւագոյն դիւցազներգակ բանաստեղծ Սիամանթոյի անունը։
«Ես Երգելով Կ՛ուզեմ Մեռնիլ», «Ափ Մը Մոխիր», «Պարը», «Ներբողական» «Գիւտին Փառքը», «Դարերու Վրէժը« եւ այլ բանաստեղծութիւններ արտասանուած են տարբեր առիթներու համար կազմակերպուած ձեռնարկներու ընթացքին։
Ծնունդով Ակն քաղաքէն (1878 Յունուար 1), տաղանդաւոր բանաստեղծ Ատոմ Եարճանեան նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն Ներսիսեան վարժարանը: 1891ին հօրը հետ կը տեղափոխուի Պոլիս եւ կ՛ուսանի Գում Գաբուի Միրիճանեան, ապա՝ Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարաններուն մէջ: 1895ի ջարդերուն հետեւանքով, կը մեկնի նախ Գահիրէ, ապա Եւրոպա՝ Ժընեւ, Փարիզ, ուր կը հետեւի Սորպոնի համալսարանի գրական բաժինին, իբրեւ ազատ ունկնդիր: Այս ժամանակաշրջանին կը սկսի անոր գրական եւ հասարակական գործունէութիւնը։ Սիամանթօ սերտ կապեր կը հաստատէ «Եւրոպայի հայ ուսանողներու միութեան» եւ հայ ազգային կուսակցութիւններու հետ։ Այս մթնոլորտին մէջ կը կազմաւորուին անոր աշխարհայեացքային եւ գրական-գեղարուեստական հակումները։ Կ՛անդամակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: 1908ին, Երիտթուրքերու յեղափոխութենէն եւ Յուլիսի Օսմանեան սահմանադրութենէն ետք, կայսրութեան քաղաքական եւ ընկերային մթնոլորտը ինչպէս շատերուն, անոր ալ խաբուսիկ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ եւ այդ պատճառով կը վերադառնայ Պոլիս։
1913ին, Սիմոն Զաւարեանի յուղարկաւորութեան առիթով, Սիամանթօ կ՛ընկերակցի Զաւարեանի դագաղին եւ կը մեկնի Թիֆլիս մասնակցելու մեծ յեղափոխականի թաղման արարողութեան։ Այս միջոցին ան կ՛այցելէ նաեւ Էջմիածին Ս. Մայր աթոռ։ Թիֆլիսի մէջ հանդիպումներ կ՛ունենայ արեւելահայ գրողներու հետ, որոնք կը խնդրեն մնալ եւ չվերադառնալ Պոլիս։ Ափսոս, Սիամանթօ չլսեց Թումանեանի, Շանթի եւ այլոց ներքին ձայնին եւ վերադարձաւ Պոլիս եւ դարձաւ մէկը բանաստեղծներու այն փաղանգին, որ Ապրիլ 23ի գիշերը ձերբակալուեցան եւ աւելի ուշ բարբարոսաբար սպաննուեցան ցեղասպան թուրք կառավարութեան կողմէ։
Սիամանթօ ապրած է չքաւոր եւ դժուարութիւններով լեցուն կեանք մը։ Ալեքսանդր Շիրվանզատէ Փարիզի մէջ կը ծանօթանայ երիտասարդ Սիամանթոյին. ահա թէ ինչ կը գրէ ան եղերաբախտ բանաստեղծին մասին․ «Սիամանթօ միշտ նիւթական կարիքի մէջ էր, միեւնոյն ժամանակ ինչ որ ձեռքն էր ընկնում, անմիջապէս ծախսում էր, առանց վաղուայ մասին մտածելու: Բանաստեղծ էր ոչ միայն իր տաղանդով, այլեւ սրտով»:
Սիամանթօ հայ գրականութեան մէջ ամէնէն ինքնատիպ բանաստեղծներէն է։ Անոր բանաստեղծութիւնները ճշգրիտ ձեւով կը բնութագրեն հայութեան դէմ կատարուած ոճիրներուն ահաւորութիւնը («Պարը», «Դաշոյնը», «Լոգանքը» եւայլն)։ Բայց միեւնոյն ժամանակ, բանաստեղծը պայքարելու եւ յաղթանակելու պատգամը կը փոխանցէ։ Ան կը գովերգէ հերոսութիւններն ու հերոսները («Յոյսին Ճամբան», «Զղջումին Թափօրը», «Արշալոյսներ» եւայլն)։ Նոյն այս հերոսներու գովերգումին ծիրին մէջ ան գրած է բանաստեղծութիւններ նուիրուած զօր. Անդրանիկին, Սերոբ Աղբիւրին, Քրիստափոր Միքայէլեանին։ Այս իմաստով սակայն, անոր գլուխ գործոցը կը համարուի Սիմոն Զաւարեանին նուիրուած «Զաւարեանի Հոգին» բանաստեղծութիւնը։ Անկասկած ոչ մէկը պիտի չկարենար Զաւարեանի գովքը հիւսել, անոր մարդկային եւ յեղափոխականի էութիւնը նկարագրել, որքան Սիամանթօ, զայն յաջողութեամբ բնութագրելով նշեալ բանաստեղծութեան մէջ։ Ահաւասիկ երկու տող այդ բանաստեղծութենէն, որուն պարզունակ բառերով Սիամանթօ պեղած է Զաւարեանի էութիւնը․
Դո՛ւն՝ լոյսի սրինգ, լո՛յս աչքերով հողէն ելած ուրուական,
Լոյսին վազող առաքինի, լո՛յս բաժանող հայրենասէր։
1912ին, հայ գիրերու Գիւտի 1500ամեակի առիթով, Սիամանթօ կը գրէ «Սուրբ Մեսրոպ» չորս բանաստեղծութիւններու շարքը՝ «Ներբողական», «Սուրբին Աղօթքը», «Տեսիլքը» եւ «Գիւտին Փառքը»։ Այս չորս բանաստեղծութիւններով ան կը ներկայացնէ հայերէն գիրերու գիւտը եւ կը մեծարէ Մաշտոցի կատարած անգնահատելի աշխատանքը։
Մեր գրականութեան մէջ Սիամանթօ նաեւ իւրայատուկ է այն իմաստով, որ իր բանաստեղծութիւնները ամբողջութեամբ ողբերգութեան եւ դիւցազնութեան պատկերներ են։ Ան միայն մէկ բանաստեղծութիւն ունի սիրոյ մասին՝ «Սէր» խորագիրով։ Իւրայատուկ է նաեւ Անահիտ դիցուհիին նուիրուած անոր «Նաւասարդեան Աղօթք Առ Դիցուհին Ահահիտ», որ թերեւս նոյնպէս կարելի է համարել սիրոյ նուիրուած բանաստեղծութիւն։
Սիամանթոյի բառամթերքը հարուստ է, կարելի է ըսել մեր գրականութեան մէջ ամէնէն հարուստ բառամթերք ունեցողներէն է։ Ան շատ կը գործածէ մակդիրներ, ինչ որ իւրայատկութիւն կու տայ անոր բանաստեղծութիւններուն։
Անոր բանաստեղծութիւնները չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը եւ կը շարունակուին կարդացուիլ եւ ներկայացուիլ։ Անոնց ոգին եւ պատգամը նոյնքան մերօրեայ է որքան իր օրերուն։ Անոր կարգ մը տողերը յաճախակիօրէն կը յիշուին կամ կը մէջբերուին յօդուածներու, բանախօսութիւններու եւ տարբեր տեղեր, ինչպէս՝ «Ով Մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քու ճակատիդ», «Կանգ մի առներ սրաթռիչ երիվար, նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար», «Իմ անունս է պայքար եւ վախճանս յաղթանակ»։
Մեր այս օրերուն համար, Սիամանթօ պիտի յուշէր մեզի անգամ մը եւս կարդալ «Զղջումի Թափօր»ը եւ զինուիլ չնահանջելու եւ պայքարելու ոգիով։ Այդ բանաստեղծութեան նշեալ տողերը բանաստեղծին պատգամն է մեզի․ մեր խարխափումներէն, կասկածներէն եւ վախերէն դուրս գալու համար․
Պիտի երթանք, մեր ստրուկի ձեռուըներովը մեր աչուըները փակած՝
Վատերու պէս դէպի անէացումին խորխորատները գահավիժելու…
Մինչդե՜ռ անդին, մինչդեռ անդին, մեր բոլորին համար՝ մեր ամէնուն սիրոյն,
Մաքառումի, քանդումի եւ յոյսի հողին վրայ,
Ազատութեան ջահակիրները ընդվզումի բոցերէն աստուածացած՝
Եւ իրենց դիւցազնի կամքէն ամենազօր, գերագոյն կռիւներու կռիւը կը մղեն…
——————————————————————————————-
Ուրեմն դէպի ե՛տ, դէպի ե՛տ, որովհետեւ, ճշմարի՜տ, ճշմարի՜տ կ՚ըսեմ ձեզի,
Հայրենիքի այս լեռներէն, դաշտերէն, այգիներէն եւ հովիտներէն անդին
Ուրիշ ամէ՛ն աղբիւր, ամէ՛ն աղբիւր մեր բերաններուն մէջ իր թոյնը պիտի վազցնէ,
Բոլոր դուռները ու բոլոր անցքերը ու բոլոր ուղիները մեր առջեւ պիտի խափանուին…
Բոլոր յոյսի աստղերը մեզի համար պիտի խեղդուին եւ ամէն արեւ պիտի խաւարի…
Մեր հացին ալիւրը մերիններուն փշրուած ոսկորներէն պիտի շաղուի…
Մեր նախնիքներուն փառաւոր անունը մեր անունին տակ պիտի փճանայ։
Եթէ Աւետիս Ահարոնեան կը համարուի Հայ Վշտի երգիչը, ապա կարելի անվարան ըսել որ Սիամանթօ Հայ Յեղափոխութեան երգիչն է։