Համադրեց՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Դեղագործ Կարապետ Պասմաճեան ծնած է Պոլիս, 1864ին:
Աւարտած է Պոլսոյ Դեղագործական ուսումնարանը եւ Փարիզի համալսարանի Պատմաբանասիրական դպրոցը: Հմտացած է արեւելեան ժողովուրդներու, լեզուներու, պատմութեան եւ բանասիրութեան մէջ, երկար ժամանակ շրջած է Արեւելքի երկիրները:
Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է քաղաքական շարժառիթով եւ ապա ազատ արձակուած: Այնուհետեւ ան փոխադրուած է Փարիզ եւ հաստատուած է հոն:
1890ի սկիզբէն, վերջնականապէս նուիրուած է բանասիրական աշխատանքի։ Այնուհետեւ, մինչեւ խոր ծերութիւն, զբաղած է հայ ժողովուրդի պատմութեամբ, գրելով յիսունէն աւելի աշխատութիւն՝ հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն։
1893ին լոյս տեսած է անոր առաջին գիտական աշխատութիւնը, նուիրուած ասուրա-բաբելական բեւեռագիր արձանագրութիւններու վերծանման։ Անոր յաջորդած են նոր հետազօտութիւններ, բոլորն ալ նուիրուած՝ բեւեռագիր արձանագրութիւններու։ Այդ տարիներէն սկսեալ, աշխատակցած է հայագիտական հանդէսներուն («Բազմավէպ», «Բիւրակն», «Անահիտ» եւ այլն)։
1899-1907ին, Փարիզի մէջ հրատարակած է «Բանասէր» պատմագիտական, հնաբանական եւ գրականագիտական հանդէսը, որուն էջերուն մէջ, հայ բժշկութեան ու Հայաստանի պատմութեան վերաբերեալ յօդուածներ տպագրած է։
1901ին, հայերէն եւ ֆրանսերէն աշխատութիւններ գրած է Զուարթնոցի ճարտարապետական ոճի առանձնայատկութիւններուն եւ Զուարթնոցի մէջ յայտնաբերուած բեւեռագիր արձանագրութիւններու մասին։
Ուսումնասիրած է Ամիր Տովլաթ Ամասիացի «Անգիտաց Անպէտ»ը եւ կատարած է անոր լատիներէնի եւ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը: 1927ին անձնական միջոցներով հրատարակած է «Անգիտաց Անպէտ»ի բնագիրը:
Այնուհետեւ, Կ. Պոլսոյ, Փարիզի, Վենետիկի, Վիեննայի եւ այլ քաղաքներու մէջ հրատարակած է նոր գիրքեր։ Նկատելի աշխատանք տարած է հայ հին մատենագրութեան բնագիրներու գիտական հրատարակութեան բնագաւառին մէջ։

Ըլլալով դեղագործ եւ բանասէր՝ մեծ գործ կատարած է, դեղամիջոցներու եւ հիւանդութիւններու՝ արաբական ու հայկական անուանումները վերծանելու եւ լատիներէնի ու ֆրանսերէնի թարգմանելու աշխատանքին մէջ։
Իրականացուցած է եւրոպական պետական եւ մասնաւոր գրադարաններու մէջ գտնուող հայկական ձեռագիրներու նկարահանման գործը: Առաջին անգամ ըլլալով, մէկ գիրքով ներկայացուցած է հայ դրամագիտութեան պատմութեան ուրուագիծը:
Հեղինակն է հայ բժշկութեան պատմութեան հարցերուն վերաբերող բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք հրատարակուած են ֆրանսական պարբերականներու մէջ։
Կարապետ Պասմաճեան եղած է Փարիզի Հայ բժիշկներու ընկերակցութեան անդամ եւ Ֆրանսական բժշկապատմաբաններու ընկերութեան ցկեանս անդամ։
Իր աշխատասիրութիւններէն են.
ա. «Լեւոն Ե. Լուսինեան․ Վերջին Թագաւոր Հայոց», Փարիզ, 1908:
բ. «Իսկական Պատմութիւն Հայոց», Պոլիս, 1914, 1927:
գ. «Առձեռն Բառարան Հայերէն Աշխարհիկ Լեզուի», 1915:
դ. «Հայերէն Արձանագրութիւնք Անւոյ», Փարիզ, 1931:
ե. «Հայկական Ընդհանուր Դրամագիտութիւն Եւ Հայաստանի Վերաբերեալ Դրամներ», 1936:
Եղած է հանրածանօթ՝ ֆրանսական բժշկական շրջանակներու մէջ:
Պարգեւատրուած է Ֆրանսայի հանրային կրթութեան գործիչի ոսկի պատուանշանով:
Մահացած է Փարիզի մէջ, 1942ին:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Հարպոյեան Կարպիս, բժիշկ, «Կարապետ Պասմաճեան», «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին», Մոնթրէալ, 2018:
2. Մինասեան Յարութիւն, «Օսմանեան Կայսրութիւնում Եւ Թուրքիայի Հանրապետութիւնում Բռնաճնշումների Եւ Ցեղասպանութեան Ենթարկուած Հայ Բժիշկներ», Երեւան:
3. «Ուիքեփետիա», Կարապետ Պասմաճեան:
4. Վարդանեան Սթելլա, «Հայաստանի Բժշկութեան Պատմութիւն», Երեւան, 2000։
5. Յարման Արսէն, «Հայերը Օսմանեան Առողջապահութեան Ծառայութեան Մէջ Եւ Պատմութիւն Սուրբ Փրկիչ Հայոց Հիւանդանոցի», Պոլիս, 2001։