Վրաստանի խորհրդարանին մէջ, երկրին վարչապետը՝ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի, յայտարարեց, որ Վրաստան ցոյց տուած է, թէ ի վիճակի է արդիւնաւէտ միջնորդ ըլլալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ եւ անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է դարձեալ ներգրաւուիլ գործընթացին մէջ։ Այս մասին տեղեկացուց «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով «Սփութնիք Վրաստան»ը։
«Երկու տարի առաջ ցոյց տուինք առաջին յստակ արդիւնքները Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջնորդութեան, որուն մէջ ես անձամբ ներգրաւուած էի: Անիկա, այսպէս ըսած, տարածաշրջանին մէջ օրինակելի միջնորդութիւններէն էր», նշեց Ղարիպաշվիլի:
Ան Վրաստանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց այսուհետեւ եւս միջնորդի դեր կատարելու: «Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս հրապարակաւ այս ամպիոնէն վերահաստատել մեր ամբողջական պատրաստակամութիւնը: Անհրաժեշտութեան պարագային, պատրաստ ենք անգամ մը եւս ներգրաւուելու իբրեւ միջնորդ երկու երկիրներոնւ, մեր բարեկամներուն միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ», շեշտեց Ղարիպաշվիլի ։