Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ՝ իբր թէ, Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները 3 Յուլիսին՝ առաւօտեան ժամը 10:40-11:40 կրակ բացին Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած Ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ։
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մըմիջոցաւ հաստատեց, որ այս լուրերը ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխաներ իրականութեան։
«Ադրբեջանի ՊՆն նաեւ հերթական կեղծ պնդումն է տարածել` նոյն ուղղութեամբ իր կողմից` իբր թէ խափանուած եւ ՊԲ կողմից իրականացուող ամրաշինական աշխատանքների մասին», կ՛ըսուի Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: