Ուրբաթ, 30 Յունիսին տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի միջեւ։
Կաթողիկոսը անգամ մը եւս վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի մեր ժողովուրդին։ Ապա, վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց նախագահը վերջին շրջանին Յունաստանի ու Գանատայի վարչապետներուն եւ Կիպրոսի նախագահին հետ Արցախի հարցին գծով իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն եւ յատկապէս յիշեալ անձնաւորութիւններուն մօտեցումներուն մասին։
Նախագահ Յարութիւնեան, իր կարգին, անդրադարձաւ Արցախի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն։
Երկու խօսակիցներն ալ կարեւորութեամբ շեշտեցին Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ամուր պահելու հրամայականը։