ԽՄԲ.- Թէեւ «Ասպարէզ»ի յարգելի յօդուածագիրը նամակի ձեւով յղած է իր մտորումները, այսուհանդերձ յարմար չնկատեցինք «Նամականի»ի ընթացիկ եւ շաբաթական հերթականութեամբ լոյս տեսնող սիւնակին մէջ հրամցնել զայն, այլ այս՝ առաջնորդող յօդուածներու էջով: Պատճա՞ռը, կարդացէք եւ պիտի համոզուիք: Նոյն հարցով, որ կը տագնապի Պետրոս Ալահայտոյեան, վստահաբար կը տագնապին ուրիշներ եւս. սակայն տագնապիլը չի բաւեր, անհրաժեշտ է… ճչա՛լ եւս: «Ասպարէզ» սիրով տեղ կու տայ մտածուած եւ հիմնաւորուած ամէն «ճչոցի»:
Քիչ անգամ կը պատահի հայկական ոչ-քաղաքական հիմնահարցերու վերաբերեալ լուրջ եւ սպառիչ յօդուածներու ներկայութիւնը մեր մամուլի սիւնակներէն ներս։ Այն մէկը որ պիտի մատնանշեմ պէտք է անյապաղ կարդացուի, սկիզբէն մինչեւ վերջին վերջակէտը, հոն ներառուած իւրաքանչիւր թիւի վրայ ծանրանալով եւ խոկալով։ Մեր մօտ կը վխտայ աւելի քան ծանրակշիռ անտեսանելին տեսնել չուզող հայ զանգուածը, անոնք, որոնք հայրենիքէն կը վերադառնան վերանորոգուած եկեղեցիի մը առիթով զգացուած հիացական արտայայտութիւններով, կամ «Երեւանը մեծ յառաջդիմութեան մէջ է» արտայայտութեամբ, երբ զբօսայգիի մը հովանիին տակ ընկերներով քանի մը գաւաթ պարպելով անոնք կը գինովնան՝ գովերգելով Երեւանի գինետուներու եւ սրճարաններու առատութիւնը։
Ասոնք եւ միւսները կարդացի՞ն արդեօք «Ասպարէզ»ի մէջ լոյս տեսած Ստեփան Թոփչեանի գրիչին պատկանող «Անժողովուրդ տարածքներ» յօդուածը (Յունիս 2 եւ 5, 2007)։ Շատեր պիտի ըսեն, թէ «քիչ մը երկար է… նկատի առած մեր շնչահեղձ առօրեայ վազքը» շուկայիկ եւ շահաբերական անմիջական եւ անդադրում գործերու ետեւէ։ Յո՜ երթաս, հայութիւն… Գրութիւնը ունի ծանրակշիռ ճշմարտացիութեան բացառիկ ստիպողականութիւնը՝ առարկայական աւարտուածութեամբ։
Հայաստան կը պարպուի… նորութիւն չէ։ Հայաստան կը դառնայ սնամէջ՝ ճաթած խողովակէ մը դանդաղօրէն եւ յարատեւ դուրս հոսող մաքուր ջուրի օրինակին համապատասխանող ճշգրտութեամբ, տեսանելիօրէն՝ արտագաղթով, բայց նաեւ անտեսանելիօրէն՝ մարմնավաճառութեամբ պղծուած եւ սպառումի յորձանքին մէջ խեղդուած հայուհիներով եւ հետզհետէ նուազող ծննդաբերութեամբ։
Բայց անյապաղ ձգեցէք ամէն զբաղում եւ, հաւաքելով ձեր հայութիւնը կարդացէ՛ք վերոնշեալ գրութիւնը, պարտադի՛ր պայման։ Թոփչեանի եզրակացութիւնը (էջ 2, Գ. սիւնակ, Յունիս 5)՝ «Ո՞վ պէտք է ապրի եւ բարգաւաճի այն տարածքների վրայ, որոնք պատմութեան շրջադարձային փուլերի հնարաւորութեամբ կարող են վերադարձուիլ իրենց իսկական տէրերին»։