Երկար ատենէ ի վեր մտադրած էի երիտասարդներու անտեղի մահուան մասին գրել, սակայն աներեւոյթ ուժ մը կը զգուշացնէր զիս, ոչ թէ անոր համար, որ որեւէ կասկած կամ վերապահութիւն ունեցած ըլլայի հարցը հրապարակով արծարծուելու, այլ կարգ մը զգայնութիւններ նկատի առնելով կը զգուշանայի ինքնաշարժի արկածներու անմեղ զոհերու մասին մամուլով սրտբաց զրոյց ունենալու։
Կ’ապրինք երկրի մը մէջ, ուր ամէնօրեայ տեղափոխութեան համար ինքնաշարժը անհրաժեշտութիւն դարձած է։ Պատանին 16ը չթեւակոխած մեքենավարութիւն կը սորվի, պետական քննութեան կը ներկայանայ ու շրջան մը հօրը, մօրը կամ չափահաս մէկու մը հսկողութեան տակ վարժութիւն ձեռք բերելէ ետք, շուտով ընտանեկան շրջանակէն ներս հարց կը դառնայ զինք սեփական ինքնաշարժով մը օժտելու գաղափարը։ Երբեմն ալ նիշերուն բարելաւումը պայման կը դրուի, թէեւ փորձով գիտենք, թէ ցած նիշ բերողները յաճախ կռիւով ու լացուկոծով աւելի շուտ կը տիրանան սեփական մեքենայի…
Իբրեւ երեք զաւակներու տէր ծնողներ, մենք ալ անցանք վերը նշուած հանգրուաներէն։ Ուրեմն, հետագայ տողերը չեն միտիր իրենց զաւակներուն հանդէպ անհուն սէր ու գուրգուրանք ցուցաբերող ծնողները այպանելու, այլ իբրեւ ինքնաշարժի ճարտարարուեստի մօտ կանգնած անձ ու փորձառու ծնողք՝ եղբայրական մեր խորհուրդը տալու նորեկ ծնողներուն եւ անոնց հետ քննարկելու կնճռոտ այս հարցը։
Վերջին տասնամեակին, յատկապէս 9/11 էն ասդին, դժբախտաբար յաճախակի երեւոյթ դարձած է հայ մամուլի մահազդներու ցանկէն անմեղօրէն մեզի նայող պատանի ու երիտասարդ հայերու զոյգ մը թախծոտ աչքերու հանդիպիլ…
Չափազանցութիւն չկայ, ոչ ալ եղերերգելու սիրտ ու փափաք։ Երիտասարդ տղոց սգաւոր այդ նկարները մեզի կը յիշեցնեն Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին մէջ զոհուած մարտիկներուն նուիրուած պանթէոն-թանգարանի պատերէն այցելուին նայող հազարաւոր հայու թախծոտ աչքերը, որոնք ուղղակի սարսուռ կը պատճառեն։ Սրտակեղեք այդ տեսարանը երկար ատեն մարդ մտքէն չի կրնար վանել։ Գոնէ անոնք գացին հայրենիքի ազատագրութեան համար զոհուեցան։ Միւս կողմէ, ինչքան ալ մեզի անհեթեթ թուայ ինքնաշարժի արկածով զոհուածներու մահը, դարձեալ այդպիսի խոր ցաւ ու սոսկում կը սողոսկի էութենէդ ներս, անոնց մահազդներու կցուած լուսանկարները դիտելով։
Առարկողներ ու չոփ-չոր վիճակագրական թիւերու կառչողներ պիտի գտնուին բանարկելու համար, թէ Ամերիկայի փողոցներու եւ ազատուղիներու երկայնքին, տարին աւելի քան 35 հազար մարդ կը սպաննուի, որուն չնչին մէկ տոկոսը՝ հայ պատանիներ։ Գացէ՛ք այդ թիւերով զաւկակորուստ սգաւոր ծնողները սփոփեցէք, խնդրե՛մ։ Շաբաթավերջին, Պարոյր Սեւակին ինքնաշարժի վթարով սպանութեան նուիրուած գրքոյկ մը կարդացի, զոր բարեկամս՝ Արմէն Յարութիւնեանը Պէյրութէն ղրկած էր ստանձնելով նաեւ գրքին մեկենասութիւնը։ Ցաւալի այդ պատահարէն 36 տարիներ վերջ տակաւին մարդուս սիրտը կը ցաւի մեծ կորուստին դիմաց։ Ֆրիուէյներու անհեթեթ զոհերու վշտահար ծնողներուն համար իրենց կորուստները նոյնքա՛ն թանկ են, եւ անոնց թողած աւերը նոյնքա՛ն կործանիչ, անսփոփելի։
«Կրակը ինկած տեղը կ’այրէ», կ’ըսէ առածը։
– Լա՛ւ, ի՞նչ ընենք,- հարց պիտի տան փրակմաթիկ ուղեղով մարդիկ,- քանի որ արկածահար ըլլալու վտանգը կապուած է մեքենայ վարելուն հետ, այլեւս ինքնաշարժ չքշե՞նք, հետիո՞տն կտրենք լոս անճելըսեան անծայրածիր տարածութիւնները…
Ի հարկէ, ո՛չ…
Առանց նորութիւն բացայայտած ըլլալու հաւակնութեան, մենք մինչեւ հիմա հետզհետէ ծաւալող հարցին մասին խօսեցանք։ Սակայն կայ նաեւ վտանգը մեղմացնելու ձեւը, յատկապէս սկսնակ պատանիներու պարագային։
Գիտենք, ներկայիս կիրարկուող նոր մեքենայ գնելու կամ երկարաժամկէտ վարձելու դիւրութիւնը, նոյնիսկ վարկագիր (քրէտիթ) չունեցող յաճախորդներու պարագային, պատճառներէն մէկը կը դառնայ, որ ծնող մը փորձուի իր անփորձ զաւակներուն ոտքին տակ բոլորովին նոր մեքենայ դնել։ Հին օրերուն, 1909-80ին, Ամերիկայի մէջ կայք հաստատուած մէկու մը համար նուազագոյնը ութէն տասը տարի հարկաւոր էր նոր մեքենային գնումը կարենալ ֆինանսաւորելու համար։
Ներկայիս կիրարկուող ֆինանսաւորման մեղմ դրոյթը, յատկապէս իրարու հետ մրցակցութեան ելած նորեկ ծնողներուն համար, փորձութիւն եւ արժանապատուութեան հարց կը դառնայ անփորձ զաւակին նոր ինքնաշարժ նուիրելը։ Միչդեռ խոհեմութիւնը կը թելադրէ գոնէ սկսնակ վարորդներուն ոտքին տակ, առաջին տարիները, գործածուած հին մեքենայ մը դնել, որ նորին անզուսպ արագութիւնը չունենայ եւ ոչ ալ անոր դիւրաբեկ կազմուածքը։ Գաղտնիք չէ, որ հին ինքնաշարժները աւելի տոկուն կը կառուցէին, քանի որ քարիւղի գինը աւելի մատչելի էր եւ մեքենաներէն բարձր «մայլէճ» չէր ակնկալուեր։
Մասնագէտ ըլլալու հարկ չկայ հետեւցնելու, թէ մեքենայ մը ինչքան ծանր քաշ ունենայ, այնքան մեծ շարժիչով զայն օժտելու հարկը կը զգացուի։ Երբ պարտադիր 35-40 մղոնի օրէնքը գործադրութեան դրուի, մեքենաներու կշիռքը թեթեւցնելու համար տիւրալիոմ կամ ալիւմինիոմ կառոյց պիտի տան անոնց…
Եզրակացութի՞ւն։
Աւելի եւս դիւրաբեկ եւ արագ պիտի դառնան նոր մեքենաները, գուցէ աւելի սեղմ կառոյցով պիտի օժտուին եւ հետեւաբար աւելի մեծ թիւով զոհեր պիտի խլէ մեզմէ, ամէն քայլափոխին քշելով երթալու քալիֆորնիացիի մեր մոլուցք-սովորութիւնը։
Երբ իմ տղաքս փափուկ այդ տարիքը թեւակոխեցին, նախ 18 ամիս ձգձգեցի անձնական մեքենայ գնելու որոշումը։ Յետոյ, տեղացիներու օրինակով, վեց հարիւր տոլարի հին մեքենայ մը դրի անդրանիկ տղուս ոտքերուն տակ։ Հին մեքենան թէ՛ աւելի տոկուն էր արկածի մը պարագային, եւ թէ ալ նորերու այդ սահմռկեցուցիչ, անզուսպ արագութիւնը չունէր… Եւ բոլոր այդ միջոցներուն դիմեցի ոչ թէ տնտեսական, այլ զուտ ապահովութեան մտահոգութենէն ելլելով։ Տնտեսապէս տոկուն վիճակի մէջ էի, իսկ նոր մեքենաներու գիները՝ ներկայէս շատ աւելի մատչելի, արհամարհելի գումար մը։
Գուցէ Աստուած երեսնիս նայեցաւ ու մեզի խնայեց երթեւեկութեան մէջ զաւակ կորսնցնելու ահաւոր ցաւը։ Հակառակ անոր, որ մերոնք ալ երկու երեք մեծ վթարէն ետք միայն պէտք եղած փորձառութիւնը ձեռք ձգեցին։ «Մեծ պատառ կեր, մեծ մի խօսիր…», ըսած են հիները։ Մարդ չի գիտեր, թէ կեանքը ինչ վերապահած է մեզի եւ չսպասուած ուժգին հարուածը որ պահուն պիտի հասնի մեր գլխուն։ Բայց եւ այնպէս նախազգուշութիւններ առնելը գուցէ բարերար իր ներգործութիւնը ունենայ առնելիք ապագայ մեր որոշումներուն եւ քայլերուն վրայ։
Մեր մասնագիտութեան մարդիկ յաճախ կողմնակի դերակատարը կը հանդիսանան անչափահաս զաւակներու տէր ծնողներու անդոհանքին, յատկապէս երբ իրարու յաջորդող վթարներու կ’ենթարկուին տաքարիւն ու անփորձ անոնց զաւակները, տնտեսական ու հոգեկան տագնապի մատնելով խեղճ ծնողները։
Վերջերս, շատ մօտիկ բարեկամիս 17 տարու մանչը տուգանուեր էր արագութեան համար։ Քաղաքամէջին 60 մղոն կամ 100 քիլոմեթր քշած ատեն կեցուցեր էր զինք ոստիկանը։ Հօր մը համար հաճելի բան չէ անչափահաս զաւկին հետ դատարան ներկայանալ, դատաւորին բարոյական ու տնտեսական ապտակը ուտել եւ քանի մը ամիսով տղուն վարորդութեան իրաւազրկումը վկայել։
– Չղայնանալու տեղ ոստիկանին եւ դատաւորին շնորհակալագիր ղրկէ՛,- ըսի բարեկամիս,- տղադ այդ արագութեան մէջ կրնար քանի մը հոգիին մահուան պատճառ դառնալ ու տասնեակ մը ինքնաշարժներ «շարքից հանել»։ Աստուծոյ փառք տո՛ւր, որ աժան պրծար…»:
Երբ ծնողք մը հոգեկան ծանր վիճակի մատնուած է, մեզի համար դժուար է ելլել թեթեւ սրտով վերը նշուած թելադրանքները ընել։ Յետոյ կարեւոր կէտ մըն ալ նկատի պիտի առնուի մեր փոխյարաբերութիւններու մէջ։ Մեր շրջապատէն ներս ուրախ ապրելու եւ բարեկամութիւն վաստկելու համար այնպէս մը պիտի ձեւացնես, թէ ամէն մարդ քեզմէ խելացի է… ու գրողներու պարագային՝ քեզմէ աւելի տաղանդաւո՛ր։
Իսկ ղեկի ետին անփորձ մանչերը դրդողը յաճախ ինթելեքթի պակասը չէ, այլ՝ անտեղի արագութիւնն ու միւս տղոց հետ Կլէօնոքսի երկայնքին մրցումի բռնուիլն է։ Մեր նազելի դուստրերու պարագային բջիջային հեռաձայնը կը գործէ բուն աւերը։ Այսչափ տարուայ վարորդ ենք, երկու ձեռքով դժուարութիւն կ’ունենանք ամէն ուղղութենէն մեր վրայ խուժող մեքենաներէն փախուստ տալու։ Իսկ մեր օրիորդիկները մէկ ձեռքով կը վարեն մեքենան՝ մխր-ճուած ըլլալով պոյֆրէնտ-կըրլֆրէնտ տաք բանակռիւներու մէջ…
Տիրող ախտաւոր բարքերու դիմաց խեղճ ծնողները ո՞ր քարին զարնեն իրենց գլուխը։
Երիտասարդ կեանքեր փրկելու կոչուած այսպիսի լուրջ հարցերը հայկական հեռուստակայաններէն հրապարակային քննարկումի պէտք է ենթարկուին։ Եւ այդ մէկը՝ մասնագէտներու եւ ծնողք-աշակերտ գործակցութեամբ։