ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Այն միջոցին, երբ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարը կ՛աւետէ յաւելեալ երկու միլիոն զբօսաշրջիկներու մօտալուտ Լիբանան ժամանման հաւաստիացումները, անդին լիբանանցիները կը շարունակեն «տապլտկիլ» իրենց օրապահիկի ապահովման հեւքին մէջ: Փաստօրէն, հակառակ պատկան մարմիններու նախաձեռնած բարեփոխման թէ լուծման անդուլ ճիգերուն, երկրի հրատապ հարցերը կը շարունակեն մտահոգել միաժամանակ պատկան պատասխանատուները եւ քաղաքացիները:
Այս ծիրին մէջ, ուշագրաւ էր առողջապահական պատասխանատուի մը զգուշացումը, թէ Լիբանանի մէջ քաղցկեղի հիւանդութեան տարածումը մտահոգիչ է` նշելով, որ ներկայիս տարեկան առաւել քան տասնվեց հազար քաղցկեղի հիւանդութեամբ տառապող պարագաներ կան, մինչ 2005ին այս համեմատութիւնը ութ հազար էր: Նմանապէս, տակաւին կայ կեղծ եւ ժամկէտանց թուականով դեղերու երեւոյթը, առանց խօսելու ամէն պատեհ առիթի անոնց սակագիներու աճին մասին:
Մտահոգիչ երեւոյթ է նաեւ կրթական վերամուտի եւ անոր նիւթական պահանջներու ծրարներու ներկայացման սեմին, սպառողական տարրական նիւթերու սակագիներու սղաճի յարաճուն երեւոյթը, հակառակ ամերիկեան տոլարի սլացքի որոշ կայունութեան կամ տեղքայլին, լիբանանեան թղթոսկիին դիմաց:
Ընկերային ոլորտին մէջ, նոյնպէս քննարկումի ենթակայ է օտարահպատակ, յատկապէս` սուրիացի տեղահանուածներու հարցը, որուն գծով վերջերս հրատապ նիստեր գումարուեցան: Քննարկումներու լոյսին տակ կը նախատեսուի, որ սուրիացի տեղահանուածներ «ընդունող թէ հիւրասիրող» մարմիններ հաշուետուութեան ենթարկելու պատժական տնօրինում յարուցուի:
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԵՌՈՒԶԵՌ
Այս եւ այլ հրատապ տագնապներու մթնոլորտին մէջ, Լիբանան կը սպասուի հարաւի ջրային սահմանագծումի ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքըշթայնի այցելութիւնը: Ան հիմնականին մէջ լիբանանցի պատկան պատասխանատուներուն հետ պիտի խորհրդակցի քարիւղի 9րդ պլոքին գծով նորագոյն իրադարձութիւններուն շուրջ:
Ըստ լրատուական աղբիւրներու՝ կը նախատեսուի Իրանի արտաքին գործոց նախարարին՝ Լիբանան այցելութիւնը: Ան խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ շրջանային, քան՝ լիբանանեան հարցերու շուրջ` քաղաքական թէ ապահովական պատկան կողմերու հետ:
Նաեւ, կը նախատեսուի, որ 11 Սեպտեմբերին Լիբանան այցելէ Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան, որ պիտի փորձէ վերակենդանացնել նախագահական հարցին գծով միջլիբանանեան համախոհութեան կարելիութիւնը:
Մինչ այդ, ներքին շփումները կը շարունակուին երկխօսութեան յաջողութեան հեռանկարով: Այս գծով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ ներկայ փուլին նախագահական ընտրութեան հարցը առաջնահերթութիւն է:
Նոյն ծիրին մէջ, երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ «Հըզպալլա»ի եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ խօսակցութիւնները կը շարունակուին դրական մթնոլորտի մը մէջ՝ լուսարձակէ հեռու: