Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը, թեմի սրբազան առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի յատուկ հրաւէրով եւ հովանաւորութեամբ՝ կազմակերպած է Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի բանաստեղծութիւններուն եւ քանդակներուն նուիրուած գրական-գեղարուեստական երեկոյ մը՝ «Կեանքը Բանաստեղծութեան Եւ Քանդակին Մէջ. Տրամախօսութիւն Մը» արտայայտչական ընդհանուր մերձեցումով: Որմերու վրայ պիտի ներկայացուին նմոյշներ հեղինակին բանաստեղծութիւններէն եւ պիտի ցուցադրուին շուրջ քառասուն փայտէ քանդակներ:
Երեկոն տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբերին, երեկոյեան 6էն սկսեալ, առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ: Ձեռնարկին սկիզբը պիտի ներկայացուին Եարտըմեանի աշխատասիրած եւ հրատարակած գործերը: Հեղինակը անձամբ պիտի կատարէ վերլուծումի եւ մեկնաբանութեան փորձ մը՝ իր անձնական բանաստեղծութիւններուն եւ փայտակերտ քանդակներուն:
Հրաւիրուած է գրասէր եւ մշակութասէր հասարակութիւնը:
Ձեռնարկի հասցէն է՝ 3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504 (առաջնորդարան):
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ