

Ֆրանսայի ուղարկած մարդասիրական օգնութիւնը 30 Օգոստոսին, Երեւանէն հասաւ Կոռնիձոր՝ Հակարիի կամուրջին մօտ, սակայն ատրպէյճանցիները Լաչինի միջանցքը փակեցին ֆրանսական բեռնատարներուն առջեւ եւս։
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին նախաձեռնութեամբ՝ Փարիզի, Սթրասպուրկի եւ ֆրանսական քանի մը այլ մեծ քաղաքներու ուղարկած մարդասիրական շարասիւնին կ՛ընկերակցի Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Անոնք դիմաւորուեցան Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանի, Սիւնիքի մարզպետին եւ Գորիսի համայնքապետին կողմէ։ Ղազարեան տեղւոյն վրայ պատուիրակութեան ներկայացուց իրավիճակը, նաեւ անդրադարձաւ Լաչինի ատրպէյճանական անցակէտին մէջ կատարուած առեւանգումներուն։
Իտալկօ «Էքս»ի իր էջին վրայ հրապարակած է ֆրանսական պատուիրակութեան հետ լուսանկար մը եւ կատարած հետեւեալ գրառումը. «Հայաստան կը գտնուինք` Փարիզի եւ այլ տեղական իշխանութիւններու ընտրուած պաշտօնեաներու հետ: Ինն ամիսէ ի վեր` Արցախի 120 հազար հայերը, որոնց 30 հազարը` մանուկներ, մեկուսացուած են, մատնուած սովի եւ զրկուած ամէն ինչէ: Մարդասիրական այդ աղէտին դէմ յանդիման մենք անոնց համար հրատապ օգնութիւն կը տանինք: Ժամանակը հաշուըւած է»:
Աւելի ուշ, Գորիսի մէջ, պատուիրակութիւնը տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն տեսակապով միացաւ նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, որ շեշտեց, թէ Արցախ այս օրերուն կ՛ապրի իր պատմութեան ամէնէն ծանր օրերը: «Ադրբեջանը ակնկալում է ճնշմամբ` մանաւանդ հումանիտար (մարդասիրական) եւ սննդի եւ այլ պարագաներով ծնկի բերել Արցախին, արցախցուն, բայց դա չի յաջողուի։ Մենք յարգել գիտենք, բայց ծնկի գալ չգիտենք: Պայքարելու ենք այնքան, ինչքան հնարաւորութիւն ունենանք: Չնայած որեւէ ակնկալիք չունենք աշխարհից, գերտերութիւններից, միջազգային կառոյցներից, բայց մենք շարունակելու ենք: Հազարամեակներով ժառանգած արժանապատուութիւնը մեզ համար աւելի կարեւոր է», ըսաւ Յարութիւնեան, որ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային եւ Արցախի համար յատկացուած մարդասիրական առաքելութեան բոլոր մասնակցողներուն` նշելով, թէ Արցախ երբեք չի մոռնար այդ քայլը։
Իտալկօ իր կարգին յայտնեց, որ եկած են իրենց համերաշխութիւնը եւ բարեկամութիւնը արտայայտելու: «Մենք կարցանք 10 բեռնատարներ ուղարկել,. անոնց մէջ հիմնականին մէջ չփճացող ուտելիք կայ, մանուկներու համար ուտելիք, կաթի փոշի, նաեւ շարժակներ, ամէն այն, ինչը կարելիութիւն պիտի տայ ձեզի դիմադրելու եւ տոկալու», ըսաւ Իտալկօ։


Ան նաեւ ցեղասպանութիւն եւ ցեղային զտում որակեց Ատրպէյճանի կողմէ արցախահայութեան նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութիւնը: «Նաեւ կը դիմենք Ֆրանսայի նախագահին, որ ան օգտագործէ այն դիրքը, զոր ունի Ֆրանսան՝ ՄԱԿի խորհուրդին մէջ բանաձեւ ընդունելու համար՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները յարգել տալու նպատակով», նշեց ան:
Օ-տը-ֆրանս շրջանի նախագահ Պերթրան Էքզաւիէ դատապարտեց Ատրպէյճանի այս քայլը եւ միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ գործնական քայլերու ձեռնարկելու Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի խորացումը կասեցնելու համար եւ շեշտեց, որ Ատրպէյճան չ՛արտօներ, որ Արցախի հայերը ապրին ու կ՛արհամարհէ միջազգային իրաւունքը: Էքզաւիէ կոչ ուղղեց միջազգային միւս դերակատարներուն՝ իրենց կարգին նման նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու դէպի Արցախ: Ան նաեւ հարցուց, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, որպէսզի միազգային ընտանիքը սթափի եւ անդրադառնայ, թէ ի՛նչ կը կատարուի Արցախի մէջ՝ դիտել տալով, որ արդեօք հարիւրաւոր մահե՞ր պէտք է արձանագրուին։
«Մենք տարբեր քաղաքական հայեացքներ ունեցող քաղաքական գործիչներ ենք, բայց բոլորս Ֆրանսայի նախագահէն կը պահանջենք, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ բանաձեւ մը ներկայացնէ` ի շահ Արցախի ժողովուրդին», շեշտեց Էքզաւիէ:
ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑ
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակը գոհունակութիւն յայտնեց ֆրանսացի բարեկամներուն։ Արցախի Ազգային ժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Արցախ-Ֆրանսիա» բարեկամութեան շրջանակը բարձր է գնահատում Ֆրանսիայի կողմից Արցախին ցուցաբերուած աջակցութիւնը 2020թ. 44օրեայ պատերազմի օրերին ու դրանից յետոյ` միջազգային բեմահարթակներում եւ Արցախի շրջափակման պայմաններում:
Շրջանակի անդամները միաժամանակ ողջունում են Փարիզի քաղաքապետ Անն Իդալգոյի եւ Ֆրանսիայի տեղական ինքնակառավարման այլ մարմինների կողմից Արցախին ցուցաբերուած մարդասիրական օգնութիւնը, որը քաղաքական եւ հումանիտար լուրջ ակցիա (նախաձեռնութիւն) է Ադրբեջանի կողմից Լաչինի միջանցքը ապօրինի շրջափակումը ճեղքելու ջանքերին նոր թափ հաղորդելու գործում»։

Նոյն օրը, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հաւաքուած արցախցիները երախտագիտութիւն յայտնեցին Ֆրանսայի կողմէ ցուցաբերուած օգնութեան:
Ապա, հաւաքին մասնակցողները ուղղուեցան Ազատամարտիկներու պուրակը, ուր տեղադրուած է Արցախի ու Ֆրանսայի միջեւ բարեկամութեան ցուցանակը եւ ֆրանսերէնով շնորհակալական խօսքեր ուղղեցին Ֆրանսայի ժողովուրդին՝ Փարիզի քաղաքապետին գլխաւորութեամբ դէպի Արցախ առաքուած մարդասիրական օգնութեան եւ աջակցութեան համար:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսական օգնութեամբ առաջին բեռնատարները Կոռնիձոր կը գտնուին 9 Օգոստոսէն ի վեր. հոն են նաեւ 26 Յուլիսին Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուող շուրջ 400 թոն մարդասիրական օգնութիւնը. Ատրպէյճան չ՛արտօներ Լաչինի միջանցքով բեռներու մուտքը Արցախ:
Երեկոյեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային ընթրիք ունեցաւ Իկտալկոյի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ ու գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանսայի շրջաններու կողմէ Արցախիի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու նախաձեռնութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ բեռներու տեղափոխումը արգելափակելու քայլը անգամ մը եւս կը վկայէ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի խորացման միտող Ատրպէյճանի քաղաքականութեան մասին:
Զրուցակիցները շեշտեցին Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելուն վերաբերող քայլերու անհրաժեշտութիւնը: