Ռուսիոյ խաղաղապահները կրախիճէ արգելապատնէշներով եւ փշաթելերով փակեցին Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբան, որուն միջոցաւ Ատրպէյճան իբր թէ կը փափաքի «մարդասիրական օգնութիւն» ուղարկել Արցախ:
Համացանցի վրայ տարածուած տեսանիւթերուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս խաղաղապահները փշաթելերով եւ արգելապատնէշներով փակած են ճամբու այն հատուածը, ուր հասած եւ կանգնած են այսպէս կոչուած «մարդասիրական օգնութեամբ» լեցուն բեռնատարները:
Ճամբան փակեցին նաեւ արցախցիները, որոնք կը շեշտեն, որ ահաբեկչական պետութիւն Ատրպէյճանէն ոչ մէկ օգնութիւն կ՛ուզեն։ Անոնք նշեցին, որ այդ ճամբու գործարկումը անընդունելի է իրենց համար։ Արցախցիները վրաններ տեղադրեցին այդ հատուածին մէջ:
Ատրպէյճանցիները նոյնպէս վրաններ տեղադրեցին այն բաժինին մէջ, ուր կանգնած են բեռնատարները:
Ասոր զուգատեռ, «Պի. Պի. Սի.»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնեց, որ Աղտամի ճամբան բանալուն յաջորդող 24 ժամերուն ընթացքին պիտի բացուի նաեւ Լաչինի ճամբան։ «Որքան շատ ճամբաներ՝ այնքան լաւ բոլորին համար», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ արցախցիներուն կ՛առաջարկեն նոյն լեզուական, մշակութային, կրօնական, ինչպէս նաեւ քաղաքային իրաւունքներ, ինչպէս է պարագան Ատրպէյճանի մնացեալ քաղաքացիներուն: