Արցախի մէջ մարդասիրական սուր ճգնաժամին, մարդկային իրաւունքներու ամբողջական խախտումին եւ սովի դէմ յանդիման կանգնած ժողովուրդին ճակատագիրին անդրադարձան եւրոպացի եւ ֆրանսացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։
Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի Ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազօ իր «Էքս»ի էջին վրայ անդրադարձած է Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին: «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական աղէտ է: Ժամանակն է պատժամիջոցներ սահմանելւ Ատրպէյճանի դէմ», ը հաստատէ ան՝ իր էջին վրայ տեղադրելով րցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին մասին «Պի.Պի.Սի.»ի յօդուածը:
Գերմանիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Միխայել Ռոթ եւս «Էքս»ի իր էջին վրայ կ՛անդրադառնայ այս նիւթին՝ դիտել տալով, որ Յունիսի կէսերէն Ատրպէյճան արգելափակած է Լաչինի միջանցքով Լեռնային Ղարաբաղ օգնութեան բոլոր մատակարարումները: «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական աղէտի եւ ցեղային զտման իրական վտանգ կայ: Ատրպէյճան այսպիսով կը վտանգէ Հայաստան-Ատրպէյճան փխրուն խաղաղութեան գործընթացը եւ ապահովութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ: Եւրոպական Միութիւնը եւ Գերմանիա պէտք չէ լռեն: Ատրպէյճան պէտք է անյապաղ վերացնէ շրջափակումը: Մեզի անհրաժեշտ է Եւրոպական խորհրդարանի «փաստահաւաք» առաքելութիւն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Հայաստանի մէջ Երոպական Միութեան առաքելութիւնը (EUMA) պէտք է ուժեղանայ եւ տարածուի նաեւ Ատրպէյճանի պետական տարածքին վրայ», գրած է Ռոթ։
Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, որ կ՛ընկերակցէր Երեւանէն Հակարիի կամուրջ հասած եւ հոն Ատրպէյճանի կողմէ կասեցուած ֆրանսական մարդասիրական օգնութեան բեռնատարներուն, Գորիսի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններուն դիմումով, իրենք առած են այս քայլը՝ նշելով, որ ֆրանսական պատուիրակութիւնը կը ներառէ անազան կուսակցութիւններու եւ քաղաքական հայեացքներու ներկայացուցիչներ, որոնք կը միաւորուին Հայաստանի եւ Արցախի համար:

Ան մանրամասնեց, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու միաւորման շնորհիւ՝ կարելի եղաւ 10 բեռնատարներ մարդասիրական օգնութիւն հաւաքել եւ բերել այնպիսի ուտելիք եւ սարքեր, որոնք կարելիութիւն պիտի տան արցախահայութեան տոկալու։ Ըստ Իտալկոյի՝ մարդասիրական օգնութիւնը նախատեսուած է Արցախի 6 քաղաքներու համար, որոնք Դեկտեմբեր 2022էն ի վեր շրջափակման մէջ են։ Կիներ, անուկները, նորածինները եւ տղամարդիկ չեն կրնար արժանապատուօրէն ապրիլ իրենց հողին վրայ:
«Մեր ուղերձը յստակ է եւ պարզ. նախ եւ առաջ կոչ կ՛ուղղենք՝ յարգելու միջազգային իրաւունքը: Արցախի հայերը շրջափակման մէջ են անկախ իրենց կամքէն եւ այս շրջափակումը կը կատարուի՝ խախտելով միջազգային իրաւունքը եւ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութիւնը: Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր Արցախի մէջ, նման է ցեղասպանութեան: Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազը Արցախի մէջ տեղի ունեցածը որակեց ցեղասպանութիւն, եւ ցեղասպանութիւնը բնութագրող սկզբունքներէն չորսը ճանչցուեցան միջազգային հանրութեան եւ փորձագէտներու կողմէ: ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարին խորհրդականը, որ պատասխանատու է ցեղասպանութեան կանխարգիլման, նոյն բառը օգտագործեց Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրավիճակը որակելու համար: Ցեղասպանութիւն, ցեղային զտում բռնատէր վարչակարգին կողմէ՝ հանդէպ ժողովուրդի մը, որ պարզապէս կը պահանջէ յարգել իր իրաւունքները, զորս ունի ոեւէ անձ եւ ժողովուրդ: Այս իրավիճակին պատճառով հոս ենք՝ վկայելու եւ դատապարտելու: Նաեւ կը դիմենք Ֆրանսայի նախագահին, որ օգտագործէ այն դիրքը, զոր ունի Ֆրանսան՝ ՄԱԿի խորհուրդին մէջ բանաձեւմը ընդունելու համար՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները յարգելու նպատակով», ըսաւ Իտալկօ:
Օ-տը-ֆրանս շրջանի նախագահ Պերթրան Էքզաւիէն դատապարտեց Ատրպէյճանի այս քայլը եւ միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ գործնական քայլերու ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի խորացումը կասեցնելու համար, եւ շեշտեց, որ Ատրպէյճան չ՛արտօներ, որ Արցախաի հայերը ապրին եւ կ՛արհամարհէ միջազգային իրաւունքը: «Բոլոր անոնք, որոնք հոս են, շատ լաւ գիտեն, թէ ինչ կը կատարուի Արցախի մէջ: Սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել անոնց մասին, որոնք Հայաստանէն դուրս են: Շատեր չեն գիտեր, որ 2023ին Ատրպէյճան թոյլ չի տար, որ Արցախի հայերը ապրին: Շատեր չեն գիտեր, որ Արցախի մէջ մանուկները չեն կրնար բնական սնունդ ստանալ, որ նորածինները բաւարար ուտելիք չունին, եւ շատեր չեն գիտենր, որ խիստ սահմանափակ է նաեւ կազի, ջուրի եւ ելեկտրականութեան հասանելիութիւնը մարդոց համար: Այս մարդիկը այս բոլորէն զրկուած են Ատրպէյճանի պատճառով, որ կ՛արհամարհէ միջազգային իրաւունքը: Ահա՛ թէ ինչո՛ւ Ֆրանսայի անազան շրջաններու ներկայացուցիչները միացան եւ կազմակերպեցին մարդասիրական այս շարասիւնը, որպէսզի մարդիկ կարենան արժանապատիւ ապրիլ` մինչեւ միջազգային իրաւունքը ամբողջութեամբ գործէ: Եւ այդ մէկը արգիլուեցաւ մեզի։ Մենք կ՛ուզենք ազդարարել եւ դատապարտել զայն», յայտնեց Էքզաւիէ։
Ան կոչ ուղղեց միջազգային միւս դերակատարներուն՝ իրենց կարգին դէպի Արցախ նման նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու: Ան նաեւ հարցուց, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, որպէսզի միազգային ընտանիքը սթափի եւ անդրադառնայ, թէ ի՛նչ կը կատարուի Արցախի մէջ՝ դիտել տալով, որ արդեօք հարիւրաւոր մահե՞ր պէտք է արձանագրուին։ «Մենք տարբեր քաղաքական հայեացքներ ունեցող քաղաքական գործիչներ ենք, բայց բոլորս Ֆրանսայի նախագահէն կը պահանջենք, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ բանաձեւմը ներկայացնէ` ի շահ Արցախի ժողովուրդին», շեշտեց Էքզաւիէ: