Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքին տեղադրուած ատրպեճանական անօրէն անցակէտէն արցախցի երեք երիտասարդներու առեւանգումին։ Ծերակուտականը յանձնախումբին X (նախապէս՝ Twitter) հանրային ցանցին վրայ արարքը որակեց «զազրելի»։
«Խորապէս անհանգստացած ենք, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը վախեցնելու, մարդասիրական օգնութեան մուտքը արգիլելու եւ Կարմիր Խաչիի գործունէութիւնը վտանգելու իր զազրելի վարքը։ Ասիկա անընդունելի է», գրած է ան Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի էջին վրայ։
Գրառման կից ներկայացուած է «Արմենփրէս»ի հրապարակումը՝ 28 Օգոստոսիին Լաչինի միջանցքին վրայ կատարուած Ալէն Սարգսեանի,Վահէ Յովսէփեանի եւ Լեւոն Գրիգորեանի առեւանգումին մասին։