ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 9420 նիստի օրակարգին վրայ էր Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: Առաջին բանախօսը` ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարի Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Ամերիկայի հարցերու տեղակալ Միրոսլաւ Յենչան նախ ներկայացուց դէպքերու զարգացման ընթացքը` մէջբերելով պաշտօնական Պաքուի եւ ռուս խաղապահներուն յայտնած տեղեկութիւնները, եւ աւելցուց, որ ՄԱԿը այդ տարածքին մէջ ներկայացուած չէ, առ այդ, ինք չի կրնար հաստատել այդ տուեալներու արժանահաւատութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Ընդհանուր քարտուղարը շատ մտահոգ է տիրող իրավիճակով։
Առանցքային էր ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի այս նիստը գումարելու դիմում ներկայացուցած Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի ելոյթը, որ դիտել տուաւ, թէ մնայուն կերպով զօրք եւ սպառազինութիւն կուտակելէ ետք, Ատրպէյճան 19 Սեպտեմբերին նախաձեռնեց այս գործողութեան, եւ ոչ ոք կը հաւատայ, որ անիկա նախապէս ծրագրուած չէր:
Ըստ նախարարին՝ Ֆրանսա խստօրէն կը դատապարտէ այդ անընդունելի յարձակումը: Ան յայտնեց, որ ոչ ոք կասկածի տակ կը դնէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բայց խօսքը Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներուն մասին է, որուն պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ Ատրպէյճան, որ պարտաւոր է երաշխաւորել Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքները եւ ներգրաւուիլ անոնց հետ երկխօսութեան մէջ` միջազգային համայնքին աջակցութեամբ: Ատրպէյճան նաեւ պարտաւոր է ներում տրամադրելու զինադադարը ընդունած ուժերուն եւ առանց ձգձգելու վերականգնելու երթեւեկութիւնը Լաչինի ճամբով, ինչպէս նաեւ ան պահանջեց ընդունիլ միջազգային մարդասիրական ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
ՄԱԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թոմաս Կրինֆիլտ նոյնպէս հիասթափութիւն յայտնեց, որ ռազմական յարձակումը սկսաւ Ղարաբաղ մարդասիրական օգնութեան փոխադրութենէն օր մը ետք՝ նշելով, որ Միացեալ Նահանգները կողմերը կը յորդորէ ապահովել, որ մարդասիրական կազմակերպութիւնները ստանան պարէն, դեղորայք եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներ առանց խոչընդոտներու Լեռնային Ղարաբաղ հասցնելու իրաւունք եւ երաշխաւորեն մարդասիրական կառոյցներու աշխատակիցներու ապահովութիւնը։
Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Տմիթրի Փոլեանսքի յայտնեց, որ կ՛ենթադրեն, թէ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներու հանդիպումը արդիւնաւէտ ըլլայ եւ թոյլ կու տայ անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական ճգնաժամը լուծելու եւ Ղարաբաղի բնակիչներուն կայուն կենսապայմաններով ապահովելու համար. Եւ թէ իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն այդ ուղղութեամբ. Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն ապահովութեան հարցը առանցքային է։
Ան նաեւ նկատել տուաւ որ Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման ներկայի չափորոշիչները ձեւաւորուած են Հայաստանի իշխանութեան կողմէ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը պարտաւոր է գործել, որովհետեւ Ատրպէյճան Ղարաբաղի դէմ ուժ կը կիրարկէ, կան զանգուածային ոճրագործութիւններու մասին վկայող փաստեր: Ատրպէյճան կ՛ուզէ ցեղային զտում իրականացնել:
Ըստ անոր՝ անհրաժեշտ է Ղարաբաղի մէջ ՄԱԿի յանձնառութեամբ տեղակայել խաղաղապահ ուժեր: Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ խորհուրդը պարտաւոր է դատապարտել Ատրպէյճանը, ապահովել օգնութեան տրամադրումը, տեղահանուածներու վերադարձը, պարտադրել Պաքուին հեռացնել զինուորները հայկական խաղաղ բնակավայրերէն, ապահովել տեղաշարժի ազատութիւնը, վերականգնել կազի եւ ելեկտրական հոսանքի մատակարարումը:
ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիկ յայտնեծ, որ ՄԱԿի խաղաղապահ առաքելութիւն Լեռնային Ղարաբաղ կրնայ ուղարկուիլ միայն ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին որոշումով: