Արցախի նախագահի խորհրդական, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան 28 Սեպտեմբերին յայտարարեց Ստեփանակերտէն Շուշի մեկնելու իր որոշման մասին:
Իր յայտարարութեան մէջ Բաբայեան նախ շեշտեց, որ ընդգրկուած է Ատրպէյճանի սեւ ցանկին վրայ, ապա տեղեկացուց, որ ատրպէյճանական կողմը պահանջած է իր Պաքու մեկնիլը՝ համապատասխան հետաքննութեան համար:
«Այս որոշումը, բնականաբար, մեծ ցաւ, անհանգստութիւն ու սթրես (ճնշուածութիւն) կը պատճառի առաջին հերթին իմ մերձաւորներին, բայց վստահ եմ, որ նրանք կը հասկանան: Իմ չներկայանալը կամ աւելի վատ՝ փախուստը լուրջ վնաս կը հասցնի մեր բազմաչարչար ժողովրդին, շատ ու շատ մարդկանց, եւ ես՝ որպէս ազնիւ մարդ, աշխատաւոր, հայրենասէր եւ քրիստոնեայ, չեմ կարող դա թոյլ տալ», «Ֆէյսպուք»ի վրայ գրած է Բաբայեան: