Պաքուի մէջ, Հակարիի կամուրջէն 27 Սեպտեմբերին ձերբակալուած գործարար, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուեցաւ։
Ըստ Ատրպէյճանի պետական ապահովական ծառայութեան՝ Վարդանեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուեցաւ երեք յօդուածներով՝ «ահաբեկչութեան ֆինանսաւորում, օրէնքով չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներու կամ խումբերու ստեղծման եւ գործունէութեան մէջ մասնակցութիւն եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձի ապօրինի ժամանում Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն»:
Ըստ Պաքուի՝ Ռուբէն Վարդանեան, «ըլլալով օտարերկրեայ քաղաքացի, Սեպտեմբեր 2022ին, ահաբեկչական սադրիչ գործողութիւններ կատարելու նպատակով, ապօրինի կերպով հատեց Ատրպէյճանի պետական սահմանը՝ շրջանցելով անցակէտերը մուտք գործեց Ատրպէյճանի տարածքը, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները, մասնակցեցաւ Ատրպէյճանի օրէնսդրութեամբ չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներու ձեւաւորման ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ մասնակցեցաւ ապօրինի ռազմական կանաւորներուն զէնք-զինամթերք, պայթուցիկ նիւթեր, ռազմական սարքեր մատակարարելով, որոնք յետոյ յարձակումներ կատարեցին Ատրպէյճանի գերատեսչութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներու վրայ, պատճառ դարձան մահերու եւ այլ ծանր հետեւանքներու»:
Ատրպէյճանի պետական ապահովական ծառայութիւնը նշեց, որ Վարդանեան բանտարկուեցաւ չորս ամիս ժամանակով:
Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Պաքուի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանի բանտարկութեան առնչութեամբ:
Հիմնարկը նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը եւ բանակի ներկայացուցիչները «անջատողական» որակելով՝ փորձ կը կատարուի արդարացնել անօրինական բանտարկութիւնները եւ սպանութիւնները:
Նոյն հիմնարկը նաեւ կ՛ենթադրէ, որ Ռուբէն Վարդանեան պիտի արժանանայ նոյն ճակատագիրին, զոր պիտի ունենան Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ գտնուող միւս հայ ռազմագերիները: «Անոնք խոշտանգուած են, նուաստացուած, սպաննուած, անհետացած եւ ենթարկուած ցուցադրական դատավարութիւններու: Ասիկա լաւ փաստագրուած է», կ՛ըսուի հիմնարկի յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կ՛աւելցուի, որ Ռուսիա, Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նաեւ այլ համաշխարհային առաջնորդներ պէտք է պահանջեն Ատրպէյճանէն Վարդանեանի ապահով վերադարձը եւ պէտք է երաշխաւորենեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ Պաշտպանութեան բանակի ներկայացուցիչները նոյնպէս հեռանալու թոյլտուութիւն ունենան:
«Մենք աշխարհին կը յիշեցնենք, որ ընտրանիի ներկայացուցիչներու բանտարկութիւնը, սպանութիւնը եւ անհետացումը ցեղասպանութեան բնորոշ գործողութիւն են», կը հաստատէ հիմնարկը: