
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի Իրան այցելութիւնը տեղի ունեցաւ երկու դրացի երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններու եւ կապերու շարունակութեան ծիրին մէջ՝ քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Կովկասի զարգացումները:
Այս մասին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասըր Քանաանի:
Ան դիտել տուաւ, որ այս այցելութիւնը առիթ էր, որ Իրան իր տեսակէտները յայտնէ շրջանային ներուժի միջոցով Կովկասի մէջ հակամարտութիւններու լուծման վերաբերեալ:
Քանաանի շեշտեց, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը Իրանի համար շատ կարեւոր է, եւ բոլոր հարցերը պէտք է լուծել երկխօսութեան միջոցով: Ինչ կը վերաբերի, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ին, Քանաանին յայտնեց, որ Իրան կողմ է երթեւեկի հաղորդակցութեան ցանցերու զարգացման, որ շահաւէտ պիտի ըլլայ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար, սակայն անգամ մը եւս շեշտեց, որ «իր երկիրը դէմ է միջազգային եւ աշխարհաքաղաքական սահմաններու փոփոխութիւններուն»: